ՀԲԸՄ-ը Կը Շնորհաւորէ Ընտրեալ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը՝ Խաղաղ եւ Բարգաւաճ Ապագայի Հեռանկարով
ՀԲԸՄ-ը յոյս կը յայտնէ, որ շրջանէն ներս տիրէ տեւական խաղաղութիւն եւ կայունութիւն, ինչ որ առիթ կ'ընձեռէ մարդկային ներուժը ներդնելու ի խնդիր ճարտարագիտական զարգացման, տնտեսաական աճի եւ ազգային անվտանգութեան ապահովումին: Նոյն այդ ոգիով մենք կոչ կ'ուղղենք միասնականութեան վերանորոգ տրամադրութեամբ եւ բարեկամեցողութեան մթնոլորտի մէջ, յանդուրժողութեամբ վերաբերելու տարբեր կարծիքներու եւ տեսակէտներու ազատ արտայայտութեան՝ Հայաստանի մէջ, թէ սփիւռքի տարածքին: