March 20, 2020
A- A+
read

AGBU In Unity: Message from the President

To Our Global AGBU Community,

As families, businesses and nations across the world are confronting the COVID-19 pandemic, AGBU is reminded just how strong we are, as Armenians and as an organization. We are, after all, the very definition of resilient, adjusting to the fast-changing conditions realities dictate and evolving with the major shifts in society, even when thrust upon us with great uncertainty.

Just as we have overcome other seemingly insurmountable challenges throughout our century-old history, the AGBU spirit and mission will survive this new normal of living, working and interacting with others.

That means our staff will forge ahead remotely, strictly following the guidance of local health officials and our volunteers will continue to eagerly serve wherever they can, working on the projects and programs they are passionate about and supporting one another every step of the way.

We are also geared up to stay connected with you through all channels at our disposal and will provide information, activities and resources for your convenience.

With so much uncertainty, one thing is clear: In unity is strength. Face-to-face or at a distance, we are committed to serving our global community—firm in the belief that we will recover and rebound, together.

Until then, please stay safe and healthy.

Sincerely,

Berge Setrakian
President of AGBU 


 

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մեր Աշխարհատարած Համայնքին,

ԳՈՎԻՏ-19 ժահրային համաճարակի համաշխարհային պատուհասը, որ աշխարհի տարածքին տագնապի մատնած է ընտանիքներ, ազգեր եւ տնտեսական կառոյցներ, անգամ մը եւս իբր Հայութիւն եւ իբր կազմակերպութիւն, մեր ուժերը լարելու եւ մեր տոկունութիւնը դրսեւորելու հրամայականին առջեւ կը դնէ մեզ:

Աննախադէպ մարտահրաւէրներ եւ զարգացող ընկերային վերիվայրումներ դիմագրաւելու եւ արագընթաց փոփոխութիւնները ընկալելով դէպքերուն հետ քայլ պահելու կարողութիւնը, մեր Միութեան կարեւորագոյն յատկանիշներէն մին եղած է միշտ:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութեան գիտակցութիւնը եւ անկոտրում ոգին, որ իր աւելի քան մէկ դարու պատմութեան ընթացքին դիմակալած է անյաղթահարելի թուացող բազմապիսի  մարտահրաւէրներ, պիտի շարունակէ ամրապնդել մեր յանձնառութիւնը, մեզի պարտադրուող գործելու եւ հաղորդակցելու այս նոր իրականութեան մէջ:

Բծախնդրօրէն հետեւելով տեղական առողջապահական կառոյցներու ցուցմունքներուն, միաժամանակ, մեր պաշտօնէութեան աշխարհատարած ցանցը, հեռավար դրութեամբ, կը շարունակէ թափով յառաջ տանիլ իր աշխատանքները, աջակցելով մեր տարբեր շրջանակներու գործօն անդամներուն, որոնք, իւրաքանչիւրը իրենց տուեալ պայմաններուն մէջ, կը շարունակեն աշխոյժ եւ համագործակցական մասնակցութիւն բերել իրենց նախընտրած ծրագիրներու մշակումին եւ ծառայութիւններու տարբեր մարզերէն ներս:

Մեր տրամադրութեան տակ ունինք բոլոր անհրաժեշտ միջոցները, որոնցմով շարունակական կապի մէջ պիտի մնանք ձեր հետ, ձեզի փոխանցելու համար անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, գործունէութիւններու վերաբերեալ զեկոյցներ եւ համապատասխան ցուցմունքներ:

Անորոշութեան այս համատարած մթնոլորտին մէջ, մենք համոզուած ենք, որ Միութիւնը Զօրութիւն է: Այսօր թէեւ Հեռակայ դրութեամբ, բայց սերտօրէն կապուած բոլորիդ, մենք յանձնառու ենք համընդհանուր համայնքի ծառայութեան մեր կոչումին, հաստատ հաւատքով, որ բոլորս պիտի վերականգնինք այս աղէտէն եւ վերստեղծենք միասնաբար:

Մինչ այդ, մնացէք առողջ եւ ապահով:

Անկեղծօրէն,

Պերճ Սեդրակեան
Նախագահ

Please note that archived content may appear distorted as it has been stripped of formatting and original images.