September 06, 2023
A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.-Ը ԿՈՉ Կ'ՈՒՂՂԷ Մ.Ա.Կ.-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՇՐՋԱՓԿՈՒՄԸ ՈՐԱԿԵԼՈՒ ՈՐՊԷՍ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

  • Image
    UN logo

«Հիմա ժամանակն է գործնական միջոցառումները զուգորդելու յայտարարութիւններուն, մարդասիրական օգնութիւն փութացնելով ցամաքային ճամբով, մինչ այդ նաեւ օդային կամուրջի միջոցաւ ապահովելով օգնութեան փոխանցումը, առաջքը առնելու համար սովի եւ հիւանդութիւններու պատճառով առկայ Ցեղասպանութեան սպառնալիքին:»

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական տագնապի քննարկումին նուիրուած՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապահովութեան Խորհուրդի Օգոստոս 16-ի արտակարգ նիստէն շաբաթ մը ետք, Հ.Բ.Ը.Մ.ի ղեկավարութիւնը որոշեց նամակով հրատապ կոչ ուղղել Խորհուրդի անդամ 15 երկիրներէն իւրաքանչիւրին, ներառեալ Ալպանիա, Պրազիլ, Չինաստան, Էքուատոր, Կապոն, Կանա, Ֆրանսա, Ճաբոն, Մալթա, Մօզանպիք, Ռուսիա, Զուիցերիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւն, Միացեալ Թագաւորութիւն, Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի մէջ Մ.Ա.Կ.ի Եւրոմիութեան Պատուիրակութեան:

Նամակին մէջ շեշտուած պահանջն էր՝ Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի Միջանցքի շրջափակումը որակել Ցեղասպանութիւն, ինչպէս մարդու իրաւանց մասնագէտներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ սահմանած էին զայն:

Այդ կոչին մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը նշէր, թէ «Պաշտօնապէս եւ հրապարակային կերպով Ազրպէյճանի արարքը Ցեղասպանութիւն որակելու պարագային, Մ.Ա.Կ.ի անդամ երկիրները կրնան յղում կատարել Մ.Ա.Կ.ի Ցեղասպանութեան Յայտարարագրին եւ իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող ազդու միջոցառումներ ձեռք առնել, կանխարգիլելու եւ պատժելու համար ցեղասպանական արարքները, Արդարութեան Միջազգային Դատարանին միջոցաւ:  Անոնք կրնան ի գործ դնել իրենց պատասխանատուութենէն բխող ռազմավարական այլ քայլեր եւս, հակադարձելու համար նման արարքներու, որոնք կը սպառնան յանգիլ Ցեղասպանութեան:»

Այս նամակները կը հետեւէին Հ.Բ.Ը.Մ.ի կողմէ 10 Օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու Պետ-Քարտուղար Էնթընի Պլինքընին ուղղուած արտակարգ կոչին:  Այդ նամակով, Նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը շեշտէր թէ Միացեալ Նահանգներ պէտք է ականջալուր ըլլար մարդու իրավանց համաշխարհային հեղինակութիւն նկատուող Լուի Մօրէնօ Օքամփոյի տագնապեցնող տեղեկագրին:  Օքամփօ անարարկելի փաստարկումով կը հաստատէր թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը վերահաս Ցեղասպաութիւն կը հանդիսանար:  Նամակը կոչ կ'ուղղէր Պետ-Քարտուղարին միջամտելու, որպէսզի Լաջինի Միջանցքը բացուէր կարելի դարձնելու համար մարդասիրական օգնութեան փոխադրութիւնը ցամաքային ճամբով, մինչ այդ նաեւ օդային կամուրջի միջոցաւ անոնց փոխադրութիւնը ապահովել, նկատի ունենալով որ ըստ տեղեկագրին, համատարած սովը շաբաթներու հարց էր:

Օքամփոյի հրապարկած վերրլուծումին առընթեր, Օգոստոս 23-ին, Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Նախկին Ընդհանուր Քարտուղար եւ Մարդու Իրաւունքերու Օրէնքի Ամերիկեան Համալսարանի (Ուաշինկթըն Տի Սի) դասախօս Խուան Մէնտէզ, հանդէս կու գար ելոյթով մը անդամ պետութիւններու ժողովին, որոնք վերստին նիստ գումարած էին, ստեղծուած տագնապին ուղղուած միջոցառումներ քննարկելու:   Մէնտէզ կը կեդրոնանար Միջազգային Հանրութեան կանխարգիլումի պատասխանատուութեան վրայ, ընդգծելով այն իրականութիւնները որոնք Միջազգային Հանրութեան ուղղուած կանխազգուշացում մըն էին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման եւ Պատիժի Յայտարարագրի 2-րդ յօդուածի սահմանումով, ենթակայ էր «խումբի անդամներուն ուղղուած Ֆիզիքական եւ հոգեբանական լուրջ վնասներու սպառնալիքին:»

Հ.Բ.Ը.Մ.ի կոչերը ուղղուած էին Ապահովութեան Խորհուրդի անդամներուն, անոնց արտաքին գործոց նախարարութիւններուն փոխանցուած կրկնօրինակներով:  Այդ կոչերը ոչ միայն կը վերահաստատէին Օքամփոյի եւ Մէնտէզի փաստարկումները, այլեւ կը պահանջէին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն միջամտել, վերցնելու համար արգելափակումը, առաջքը առնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դիրող սննդանիւթի տագնապին: 

Նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը շեշտէր, թէ «Հիմա ժամանակն է գործնական միջոցառումները զուգորդելու յայտարարութիւններուն, մարդասիրական օգնութիւն փութացնելով ցամաքային ճամբով, մինչ այդ նաեւ օդային կամուրջի միջոցաւ ապահովելով օգնութեան փոխանցումը, առաջքը առնելու համար սովի եւ հիւանդութիւններու պատճառով առկայ Ցեղասպանութեան սպառնալիքին:»

Վերջերս Հ.Բ.Ը.Մ.ի հետ կատարած իր հարցազրոյցի ընթացքին, որպէս Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Խորհրդատու՝ աւելի քան տասնհինգ տարիներու փորձառութիւն ունեցող, հանրային միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւունքներու մասնագէտ Շիլա Փայլան, կ'ակնարկէր Ամէն Տեսակի Ցեղային Խտրականութեան Կարխագիլման Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Յայտարարագրին, որպէս «Միջազգային ամենակարեւոր դաշինքներէն մին, որովհետեւ ցեղային խտրականութիւնը կրնայ յանգիլ Ցեղասպանութեան:»

Փայլան կը շեշտէր թէ «այնքան ատեն որ, օրինակ [շրջափակումը], մարդասիրական տագնապ կը ստեղծէ, իրաւամբ մեզ հասցնելով համայնքային բնաջնջման եզրին, սպառնալով միջազգային խաղաղութեան եւ տարածաշրջանի ապահովութեան, Միացեալ Ազգերու Ապահուվութեան Խորհուրդը ոչ միայն միջոցները, այլեւ պատասխանատուութիւնը ունի անմիջապէս միջամտելու, առաջքը առնելու համար նման պարագաներու:»

Հ.Բ.Ը.Մ.ի ճիգերուն առընթեր,Նախագահ Պերճ Սեդրակեան, համընդհանուր ահազանգ կը հնչեցնէր, ըսելով թէ «Ազրպէյճան իր վարմունքով, որպէս Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան անկարգ անդամ, որ ամբարտաւան կերպով կը խախտէր Մ.Ա.Կ.ի բոլոր դաշինքները եւ մարդու իրաւունքներու միջազգային օրէնքները, անարգելով ամբողջ աշխարհակարգը որուն պահպանումին համար ստտղծուած էր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, նախընթաց կը ստեղծէր այլ պետութիւններու համար, որոնք կը տեսնէին թէ կարելի է անպատիժ կերպով ոճիրներ գործել մարդկութեան դէմ:»

Լեռնային Ղարաբաղի 120,000 հայերու ճակատագրին կապակցութեամբ միջազգային հետզհետէ ծաւալող ուշադրութեան առընթեր, Ֆրանսայի Հ.Բ.Ը.Մ.ը, Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի եւ Ֆրանսայի տարբեր շրջաններու՝ Իլ Տը Ֆրանս, Օվերն-Րոն-Ալբ, Հո-Տը-Ֆրանս, Օքքսիթանիա եւ Բէյի Տը Լա Լուար, գործակցութեամբ, նախաձեռնեցին Երեւանէն Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու աշխատանքին:  Պատուիրակութեան կ'ընկերանային մարդասիրական օգնութեան 10 բեռնատարներ, Լեռնային Ղարաբաղ հասնելու նպատակով, ուր ժողովուրդը օրական միայն կէս հացի բաժին կը ստանայ, սննդեղէնի չգոյութեան պատճառով:  Բեռնատարներու շարասիւնին յառաջընթացը կասեցուեցաւ արգելափակումը իրականացնող Ազերի ուժերուն կողմէ:

Թուիթըրի  միջոցաւ քաղաքապետը կը վկայէր, «Մենք կը վկայենք, թէ հոս, Լաչինի միջանցքէն ոչ մէկ մարդասիրական օգնութիւն կրնայ մուտք գործել Արցախ, մարդու իրաւունքներու ամբողջական խախտումով:  Մեր մարդասիրական օգնութեան 10 բեռնատարները արգելափակուած են:  Առկայ է Մարդասիրական ծանր տագնապ եւ կացութիւնը հրատապ է:»  Աւելի ուշ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Էնն  Հիտալկօ կը նշէր, «Մենք աւելի քան երբէք յանձնառու ենք ըլլալու միջազգային օրէնքի ձայնը, Հայաստանի ձայնը:  Ան կ'աւլցնէր, «Խաղաղութեան գոլրծընթացը որ հաստատուած էր 2020ի համաձայնագրերով, պէտք է յարգուի: Այս է անոնց [Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին] գոյութեան գրաւականը, երբ Ազրպէյճան կը փորձէ ծածկել Ցեղասպանական իր ծրագիրները:»