August 29, 2023
A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.ը Երախտագիտութեամբ Կը Ոգեկոչէ Նազար Նազարեանի Բարերար եւ Օրհնեալ Կեանքի Ազգանուէր Աւանդը

  • Image
    Nazar Nazarian

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի խօսքերով՝ «Մեր համայնքը կորուստի խորագոյն զգացումով կը սգայ մեր սիրելի Նազար Նազարեանին մեկնումը:  Ան միշտ պատրաստ էր հսկայածաւալ ներդրոմներ կատարելու ի նպաստ յանդուգն նախաձեռնութիւններու, որոնք իր համոզումով կրնային օգտակար հանդիսանալ լայն զանգուածներու:  Ան ապրեցաւ նպատակասեւեռ եւ հոգեւոր արժէքներով առաջնորդուած կեանք մը:  Ինծի համար մեծագոյն առանձնաշնորհում եւ պատիւ կը սեպեմ իր հետ ունեցած մտերմութիւնս, որպէս բարեկամ, վստահելի խորհրդական, հօրեղբայր եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի երկար տարիներու անդամակից:»

Հայկական Բարեգործական Ընդահնուր Միութեան սիւներէն, հայ ազգի բարերար եւ Ճարտարարուեստի աշխարհի փայլուն առաջնորդ դէմքերէն Նազար Նազարեան, իր մահկանացուն կնքեց 28 Օգոստոս 2023-ին, 98 տարիներ ամբողջ լիովին ապրուած իր կեանքի աւարտին, միշտ հաւատարիմ իր բազմիցս յայտարարած կեանքի նշանաբանին՝ «ապրելու, գոհունակութեան այն գերագոյն զգացումով, զորս անմնացորդ նուիրաբերումը եւ ազգին ու Հայ Եկեղեցիին ամբողջանուէր ծառայութիւնը կրնան պարգեւել անձին:»

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի խօսքերով՝ «Մեր համայնքը կորուստի խորագոյն զգացումով կը սգայ մեր սիրելի Նազար Նազարեանին մեկնումը:  Ան միշտ պատրաստ էր հսկայածաւալ ներդրոմներ կատարելու ի նպաստ յանդուգն նախաձեռնութիւններու, որոնք իր համոզումով կրնային օգտակար հանդիսանալ լայն զանգուածներու:  Ան ապրեցաւ նպատակասեւեռ եւ հոգեւոր արժէքներով առաջնորդուած կեանք մը:  Ինծի համար մեծագոյն առանձնաշնորհում եւ պատիւ կը սեպեմ իր հետ ունեցած մտերմութիւնս, որպէս բարեկամ, վստահելի խորհրդական, հօրեղբայր եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի երկար տարիներու անդամակից:»

Երկար եւ արդիւնաբեր կեանքի իր պարգեւը, ան առաւելագոյնս իմաստաւորեց որպէս արժանի հետեւորդը բարերարներու երկար շարաւիղի մը, որոնք սատար հանդիսացած են կրթութեան, հանրային առողջապահութեան, ազգաշինութեան եւ մանաւանդ Հայ Եկեղեցւոյ պայծառութեան:  Ինք եւ իր կողակիցը՝ 2020-ին մահացած Արտեմիս Նազարեանը, բարեգործութիւնը որպէս աւանդ փոխանցած են իրենց զաւակներուն, Սեդային, Լեւոնին եւ իր տիկնոջ Քլոտիային, ինչպէս նաեւ իրենց հինգ թոռներուն՝ Ուիլիամ, Մէթհիու, Նիքըլըս, Տանիէլա եւ Կրէկըրի Նազարեաններուն:  Նազար բախտաւորութիւնը ունեցաւ վերջերս տեսնելու նաեւ իր երկու թոռնորդիները՝ Հէնրին եւ Մատլէնը:

Նազար Նազարեան ծնած է Հալէպ, զաւակը Լեւոն եւ Սաթենիկ Նազարեաններու:  Մեծցած լիբանան, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ, շրջապատուած քոյր եղբայրներով՝ Կարպիս, Նուպար եւ Մարի: Նազարեան Ընտանիքը եղած է ու կը շարունակէ ըլլալ լիբանանահայ համայքային կեանքը հովանաւորող գերդաստաններէն մին:  Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը աւարտելէ ետք, որպէս մասնագէտ դեղագործ, Պսակաւոր Գիտութեան վկայականով, ան գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, 1950-ին, այնտեղ ընտանիքի առեւտրական գործարքը զարգացնելու եւ ընդարձակելու նպատակով:  Հոն է որ ան հանդիպած է իր կեանքի սրտահատոր ընկերուհիին՝ Մէսէչուսէց Նահանգի Ուոթըրթաուն  քաղաքէն, Արտեմիս Թօփճեանին:  Բախտաւորուած Ամերիկայի ընձեռած բաեկեցութեան առաւելագոյն բարիքներով, անոնք ձեռնարկած են հայանպաստ տարբեր ծրագիրներու օգտակար հանդիսանալու աշխատանքին:  Բարեսիրական իրենց շարունակական ներդրումներով անոնք սատարած են ոչ միայն Նիւ Եորքի շրջանի հայ համայնքի զարգացման, այլեւ իրենց բարերարութիւնները հասցուցած են աշխարհի տարածքին՝ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ, Լիբանան, իսկ ապա Հայաստան եւ Արցախ:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Վեհաշուք Բարերար Եւ Առաջնորդ

Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութեան եւ արժէքներուն հանդէպ Նազար Նազարեանի անվերապահ սէրը եւ ակնածանքը իր մէջ արմատաւորուած են իբր արդիւնք միութեան հետ խոր կապեր ունեցող իր ընտանիքէն իրեն փոխանցած ոգիին:  Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ իր նուիրումը պիտի խորանար եւ առաջնորդ դերերու յանձնառւթեան վերածուէր Միութենէն ներս:  1978-2007, ան ծառայած է որպէս Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ, վարելով Փոխ-Նախագահի եւ Գանձապահի պաշտօններ, ապա մաս կազմելով Հոգաբարձուներու Խորհուրդին, վերջապէս որպէս Պատուակալ Վարչական Անդամ:  Ան կը յատկանշուի որպէս Հ.Բ.Ը.Մ.ի ժամանակակից պատմութեան ամենահանագամանաւոր անձնաւորութիւններէն մին:

Միշտ խոստմնալի երիտասարդութեան սատարելու մղումով, Նազար եւ Արտեմիս Նազարեանները լիաբուռն օգնած են համայնքային կեդրոններու ստեղծումին, օժանդակած են դպրոցներու, նաեւ հաստատած են կրթական դրամաշնորհներ աշխարհի ամէն կողմ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի դրօշին տակ:  Իրենց հովանաւորութեամբ իրկանանացած կառոյցներէն կարելի է թուել՝ Լեւոն եւ Սաթենիկ Նազարեան Նախակրթարանը, Լիբանան, Լեւոն Նազարեան Սրահը, ատենին Սէտըլ Պրուք Նիւ Ճըրզի, Քէմբ Նուպարի Նազարեան Կեդրոնը, Տըլէնսի Նիւ Եորք,  Քանոկա Փարքի, Քալիֆորնիա, Մանուկեան-Տէմիրճեան Վարժարանի Նազարեան Մարզասրահը եւ Արտէմիս Նազարեան Նախամանկապարտէզը, ինչպէս նաեւ Սալոն Նազարեան սրահը, Պուէնոս Այրէս, Արժանթին:  Անթիւ հաւաքոյթներ կազմակերպուած են եւ բազմահազար մանուկներ խաղցած ու խնդացած են Նազարեան անուան հովանիին տակ:

Հիմնարար Նախաձեռնող Ուժ Հայաստանի Ի Նպաստ

1988-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի հովանիին տակ, Նազար Նազարեան ձեռնարկեց շէնքի մը շինութեան, յաւերժացնելու համար իր վաղամերիկ եղբօր Նուպարի յիշատակը:  Այս համալիրը, կը ծառայէ որպէս Հայաստանի դեսպանատուն, Լիբանանի մէջ:  Ռազմավարական այս եւ նման հեռատեսական նախաձեռնութիւններ, համայնքային այլ ծրագիրներու շարքին, ուղղուած են հայրենիք-սփիւռք կապերու սերտացման եւ համագործակցութեան, ի շահ Հայաստանի բարգաւաճումին: 

2000 թուականին, երբ Հայաստան տակաւին կը մաքառէր խորհրդային միութեան կազմալուծումի ծանր հետեւանքներուն դէմ, Նազար Նազարեան տեսլական որոշումը կայացուց Հ.Բ.Ը.Մ.ի հովանիին տակ հիմնելու Հայաստանի առաջին ճառագայթային ախտաճանաչման Լեւոն Եւ Քլոտիա Նազարեան Կեդրոնը:  Այս ժամանակակից գեր-ձայնային ճարտարարուեստական նախաձեռնութիւնը, անթիւ կեանքեր փրկած է Հայաստանի մէջ:  Նազարեաները տասնեակներով գեր-ձայնային կազմածներ տրամադրած են Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տարբեր հիւանդանոցներու, ինչպէս նաեւ Ճաւախքի մէջ, Վրաստան, ուր մեծաթիւ հայ համայնք մը գոյութիւն ունի:

2015-ին իրենց բազմաթիւ բարերարութիւններուն որպէս գագաթնակէտ, Նազար եւ Արտէմիս Նազարեաններուն շնորհիւ իրականացաւ Հայաստանի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Երեւանի Կեդրոնը, որ 5000 քառ. մեթր տարածութեամբ արդիական գեղեցիկ բազմայարկ համալիր մըն է:  Այդ կեդրոնէն ներկայիս կը ղեկավարուին բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին:  Ցարդ շարք մը կարեւոր ընկերային-տնտեսական ծրագիրներ իրագործուած են Միութեան Հայաստնի կեդրոնին կողմէ, զայն դարձնելով արուեստի եւ ստեղծարար տաղադներու յայտնաբերման եւ գործունէութեան աշխոյժ ժամադրավայր մը:

Հաւատք Եւ Նուիրում

Նազար Նազարեանի հաւատքը եւ ջերմեռանդութիւնը զինք մղած են իրագործելու բազմաթիւ բարերարական ծրագիրներ:  Միացեալ Նահանգներու մէջ տակաւին նոր հաստատուած, 1969-ին ան Հայատանեայց Եկեղեցւոյ իր նուիրումը ցուցաբերեց հանդիսանալով Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Տաճարի շինարարութեան հովանաւոր Կնքահայրերէն մին:  Ան նախաձեռնող հիմնադիրներէն եւ բարերարներէն էր Թէնըֆլայի, Նիւ Ճըրզի, Սուրբ Թովմաս Եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ճեմարանին, Նիւ Րոշէլ, Նիւ Եորք,  որու հոգաբարձութեան որպէս անդամ, ծառայած է երկար տարիներ:  Նազար եւ Արտէմիս Նազարեանները լիաբուռն նուիրատուութիւններով օժանդակած են հայ կրօնաւորներու եւ եկեղեցական առաջնորդներու պատրաստութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան գործին:

Նազարեանները կարեւոր դեր կատարած են նաեւ նորանկախ Հայրենիքի Եկեղեցւոյ պածառութեան ի խնդիր:   Իրենց բարերարութեամբ իրականացաւ Ս. Էջմիածնի Վեհարանի շինութիւնը, ուր կը գործեն Կաթողիոսութեան  վարչական գրասենեակները:  Անոնք նոյնպէս բարերարներն են Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Ս. Տրդատ Մատուռի շինութեան:  Ան արժանացած է Սուրբ Էջմիածնի եւ աշխարհի տարբեր կողմերու կրօնական առաջնորդներու բարձրագոյն շքանշաններուն եւ գնահատագրերուն:

Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի վկայութեամբ, «Նազար Նազարեան աւելի քան առատաձեռն նուիրատու մըն էր մեր Եկեղեցիին:  Ան մօտիկ բարեկամ մը եւ խորհրդական մըն էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ սատարած է անոր նախաձեռնած բազմաթիւ կրօնական ծրագիրներուն եւ գործունէութեանց:»

 Նազարեանները իրենց բարեսիրութիւնը տարածած են նաեւ հայ իրականութենէն անդին:  Անոնք միշտ սատար հանդիսացած են համայնքային մշակութային եւ արուեստի ծրագիրներու:  Աւելին, անոնք կարեւոր կրթաթոշակներ հաստատած են բարձրագոյն կրթութեան հռչակաւոր հաստատութիւններու մէջ, ինչպիսին են Պոստոնի Համալսարանը եւ Ուէսլիըն Համալսարանը, դրամաշնորհներ յատկացնելով նաեւ անհատ ուսնողներու, օգնելով որ անոնք իրականացնեն իրենց երազները:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը փոխանցէ Նազարեան Ընտանիքի անդամներուն, որոնք կը սգան իրենց սիրելի հօր, մեծ հօր եւ մեծ մեծ հօր մեկնումը այս աշխարհէն:  Անձ մը, որուն սէրը եւ նուիրումը իր Ազգին եւ Եկեղեցիին եղան անսակարկ եւ որուն կեանքը նուիրագործուեցաւ քրիստոնէական հաւատքի, յոյսի եւ բարեգործութեան արժանիքներով: