July 11, 2023
A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.-Ը Կ'ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉ ԴՈԿՏ. ՐԻՉԸՐՏ Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ ՆՇԱՆԱԿԱԼԻ ԺԱՌԱՆԳԻՆ

  • Image
    Dr. Richard Hovannisian - Pioneering Armenian Studies
    Դոկտ. Րիչըրտ Յովհաննիսեան – Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարար Գիտնական

Շատ քիչ անուններ արդի հայ ակադեմական իրականութեան մէջ այդքան հեղինակութիւն եւ ժողովրդականութիւն վայելած ու յարգանք ներշնչած են ամէն շերտերէ հայերու մօտ, որքան ամերիկահայ Փրոֆէսէօր, Րիչրտ Կէյպըլ Յովհաննիսեանը: Իր մահը, 90 տարեկան հասակին, որ տեղի ունեցաւ 10 Յուլիս 2023-ին Լոս Անճէլըս, կը նշէ յետ-Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան հիմնարար գործընթացի փայլուն մէկ հանգրուանին աւարտը:  Ժամանակահատուած մը, որուն ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու սերունդը նախաձեռնեց իրենց նախնիներուն մասին աշխարհը իրազեկելու եւ լուսաբանելու ճիգին, իր իմացական ձիրքերը զուգորդելով ակադեմական հետազօտութեան եւ փաստարկումի խստապահանջ չափանիշերուն, հայոց պատմութեան սումնասիրութիւնը ակադեմական նիւթի աստիճանին բարձրացնելով:

Ուսումնասիրական աշխատանքերու վաւերականութիւնը եւ օրինականութիւնը եւ բովանդակութեան համոզիչ հռետորաբանութիւնը, ի վերջոյ յաջողեցան ակադեմական, ինչպէս նաեւ քաղաքական  շրջանակներու յարգանքին արժանանալ, ճամբայ հարթելով ամերիկեան  թէ արտասահմանեան համալսարաններու մէջ հայկական ամպիոններու ստեղծումին համար:  Որպէս Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Լոս Անճէլըս (UCLA) համալսանի Հայ Կրթական Հիմնարկի Հիմնադրամին հովանաւորած Հայկական Ամպիոնի առաջին ղեկավար, բնիկ Քալիֆորնիածին Յովհաննիսեան, պատմաբաններու յետագայ սերունդներուն համար հայագիտական ուսումնասիրութիւններու չափանիշի կրողը հանդիսացաւ:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը այն բազմաթիւ հիմնարկներէն եւ կազմակերպութիւններէն էր, որոնք կը դիմէին Դոկտ. Յովհաննիսեանին, որպէս հայագիտական նիւթերու սերտողութեան վերաբերեալ ոգեշնչող զեկուցաբեր:  Իր օրինակով խանդավառ, նոր սերունդի այլ գիտաշխատողներ նոյնպէս, բարեկեցութիւն ապահովող մասնագիտութիւններու փոխարէն, նախընտրեցին դառնալ հայոց պատմութեան մասնագէտներ:  Հ.Բ.Ը.Մ.ը յաճախ կը հրաւիրէր զինք, մասնակցելու խորհրդաժողովներու եւ դասախօսութիւններու, իսկ տարբեր մասնաճիւղեր հպարտ կը զգային զինք ունենալով որպէս գլխաւոր բանախօս իրենց տեղական ձեռնարկներուն:  Ան ազնուօրէն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Համացանցային Ակադեմական Կարճ Զրոյցներու (Web Talks) շարքին:  Իր զրոյց-հատուածները, յատկապէս Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պատմութեան վերաբերեալ, խորապէս հետաքրքրական են:  Մասնաւորաբար կէս դար ետք իրականացած հայկական անկախ պետութեան համար, այդ նիւթին շուրջ իր հեղինակած քառահատոր ուսումնասիրութիւնը յատկանշանական է անկասկած:

 Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ՆախագահՊերճ Սեդրակեան, խօսելով բեղուն գրիչի տէր Դոկտ. Յովհաննիսեանի թողած գիտական ժառանգին մասին, կը վկայէ, թէ ան «Իր բազմաթիւ դասախօսութիւններուն, հեղինակած հատորներուն, իրագործումներուն, ստացած մրցանակներուն առընթեր, մարդկային հիանալի տիպար մըն էր, որ իր թեզերը կը ներկայացնէր արիօրէն, համոզումով եւ կիրքով:  Իր հաստատած այդ բարձր նշաձողը բծախնդիր վերաբերում կը  պարտադրէ հայոց պատմութեան սերտողութեան, վերլուծումի եւ մատուցման յետագայ աշխատանքներուն մէջ:»

Հ.Բ.Ը.Մ.ը իր խորազգաց վշտակցութիւնը կը փոխանցէ Յովհաննիսեան Ընտանիքին