December 21, 2021
A- A+
read

Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու Մէկ Միլիոն Տոլարի Ամավերջի Նուէրը Հ.Բ.Ը.Մ.ին

  • Image
    Vatche and Tamar Manoukian

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Ատենապետ Տէր եւ Տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանները, Միութեան առաքելութեան սատարող իրենց բարերարութիւններու  ծիրէն ներս,   յայտարարած են թէ տարեվերջին մէկ միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը կը կատարեն, Հ.Բ.Ը.Մ.ի ծրագիրներուն ի նպաստ: 

Գնահատելով Միութեան բարերարներուն այս ազնիւ նախաձեռնութիւնը,  Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը նշէ՝ «Ակնյայտ է, թէ որպէս իրենց հայ պատկանելութեամբ հպարտ բարեսէր եւ մարդասէր անձիք, Մանուկեաններու առատաձեռնութիւնը ոչ միայն անկեղծօրէն սրտաբուխ է, այլեւ ունի մարտավարական յստակ ուղղուածութիւն:  Իրենց մատը ժամանակի բազկերակին վրայ պահած, անոնք կարող են արժեւորել պահի հրամայականը եւ ընդառաջելով անոր, ապահովել ապագան: Մենք  խորապէս երախտագէտ ենք Մանուկեաններուն եւ մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնց աջակցութեամբ է որ Հ.Բ.Ը.Մ.ը կը յաջողի շարունակել իր առաքելութիւնը»:

Լիբանան ծնած միջազգային գործարար Վաչէ Մանուկեան, բարսիրութեան խոր եւ անաղարտ հակումը ժառանգած է իր ծնողներէն, հաստատելով համաշխարհային բարեսիրական լաւագոյն աւանդոյթներ: Անոնք, տէր եւ տիկին, շարունակաբար սատարած են Հայ Եկեղեցւոյ յառաջդիմութեան եւ հայութեան ընդհանրական շահերուն: Իրենց բարերարական ոգին դրսեւորուած է բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով, որոնք կը նպաստեն ոչ միայն հայերու, այլեւ կը տարածուին միջազգային համայնքին վրայ, մարդասիրական, կրթական, մշակութային եւ հոգեւոր յատկանշական ծրագիրներով: