October 01, 2023
A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.ը Գետնի Վրայ Անմիջական Աջակցութիւն կ'ընձեռէ Լեռնային Ղարաբաղէն Բռնահանուած ժողովուրդին

  • Image
    Aline Kamakian supervising AGBU Volunteers at the Yerevan meal preparation  hub in partnership with World Central Kitchen.
    Aline Kamakian supervising AGBU Volunteers at the Yerevan meal preparation hub in partnership with World Central Kitchen.

  • Image
    Armenian youth from Artsakh enjoying a full course warm meal in the Vayots Dzor region of Armenia.
    Armenian youth from Artsakh enjoying a full course warm meal in the Vayots Dzor region of Armenia.
  • Image
    AGBU volunteers distribute meals to evacuated children and their families from a food truck dispatched to Goris, Armenia
    Հ.Բ.Ը.Մ.ի կամաւորներ, Կորիս ղրկուած շարժական ճաշարանէն, սննդեղէն կը մատակարարեն տեղահանեալ մանուկներու եւ անոնց ընտանիքներուն:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը անյապաղ իր ուժերը կեցրոնացուցած է օժանդակելու համար աւելի քան 100,000 բռնահանուած Արցախահութեան, որոնք անցնող քանի մը օրերուն հասած են Հայաստան:

Անցնող շաբթուան ընթացքին, տասնեակ հազարաւոր հայեր, Լեռնային Ղարաբաղէն սկսող երկար եւ տաժանագին ուղեւորութենէ մը ետք, ի վերջոյ կը հասնէին Հայաստանի Հարաւային շրջանին մէջ գտնուող Կորիսի շրջանը,  ուրկէ անոնք պիտի շարունակէին իրենց ճամբան հայրենիքի մէջ դէպի տարբեր կեցավայրեր:  Այստեղ, շուրջ մէկ տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, անոնց կը մատակարարուէր թարմ եւ սննդարար ուտեստեղէն, Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախաձեռնութեամբ,  Համաշխարհային Կեդրոնական Խոհանոց (Հ.Կ.Խ.) միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութեան հետ գործակցաբար:  Ցարդ 15,000 ճաշաբաժիններ պատրաստուած եւ բաշխուած են, ի դէմս արագօրէն աճող կարիքներուն: 

Լիբանանահայ յայտնի ճաշարանատէր Ալին Քամաքեան արդէն տեղւոյն վրայ ներկայ էր 29 Սեպտեմբերին, երբ Հ.Կ.Խ.ի կամաւորները հասան եւ իր աջակցութեամբ անմիջապէս ձեռնարկեցին աշխատանքի:  Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, մարդասիրական օգնութեան իր աւելի քան հարիւրամեայ փորձառութեամբ, սերտօրէն կը գործակցի Հ.Կ.Խ.ին հետ եւ անգամ մը եւս պատրաստ է իր ամբողջական օժանդակութիւնը ընձեռելու հայութեան դիմագրաւած այս լայնածաւալ աղէտէն տուժած բազմահազար մեր հայրենակիցներուն:

Նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը հաստատէ, թէ «Հ.Բ.Ը.Մ.ը անյապաղ իր ուժերը կեցրոնացուցած է օժանդակելու համար աւելի քան 100,000 բռնահանուած Արցախահութեան, որոնք անցնող քանի մը օրերուն հասած են Հայաստան:  Անոնք, իբր հետեւանք Ազրպէյճանի վարած համայնքային զտման արշաւին, աւելի քան ինը ամիսներ ենթարկուած էին ամբողջական շրջափակման եւ սովահարութեան, տարրական կարիքներու ապահովման համար անհրաժեշտ միջոցներու բացակայութեան պատճառով:  Հ.Կ.Խ.ի եւ Ալին Քամաքեանի հետ գործակցութիւնը, կարելի կը դարձնէ ուժերու կարեւոր եւ արդիւնաւոր համադրում:»

Հ.Բ.Ը.Մ.ը եւ Հ.Կ.Խ.ն համագործակցած էին նախապէս 2020-ին, Պէյրութի Պայթումին առիթով, երբ Ալին Քամաքեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ը օգնութեան կազմակերպումի աշխատանքներուն իրենց մասնակցութեամբ, լայն փորձառութիւն ձեռք բերած էին շաբաթներ եւ ամիսներ շարունակ, աղէտեալներու սնունդի կարիքները հոգալու լայնածաւալ նախաձեռնութեան վերաբերեալ:  Այդ փորձառութիւնը անոնք ի գործ կը դնեն ներկայիս, տեղահանեալներու օրէ օր աճող հոսքը դիմագրաւելու ճիգին:

Անցեալ շաբաթ, Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան ապաստանող հայերու առաջին հոսքին ընդառաջ, Ալին Քամաքեան արդէն իսկ Հայաստան հասած էր եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի գրասենեակին եւ կամաւորներուն հետ համատեղ, ձեռնարկած օգնութեան աշխատանքներու կազմակերպումին, Ազրպէյճանի սահմանակից Սիւնիքի շրջանին մէջ:  Անոնք անմիջապէս հանգուցակէտեր հաստատեցին մօտակայ Սիսեանի եւ իշխանասարի մէջ: Այլ Կեդրոն մը եւս հաստատուեցաւ պատմական Վայոց Ցորի շրջանը, ուր տեղահանուածներէն շատեր կ'ուղղուին իբր վերաբնակեցումի երկրորդ հանգրուան:  Շաբաթ օր արդէն նոր կեդրոններ կը գործէին Արարատի, Մասիսի եւ Երեւանի շրջաններուն մէջ, մինչ տեղահանեալները կը տարածուէին դէպի Հայաստանի Հիւսիսային, Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջանները:  Գալով Կորիս, հոն բաշխումի աշխատանքները ուղղուած են տեղական պանդոկներու, հիւանդանոցներու եւ դպրոցներու, ուր ապաստանած են տեղահանեալները:

Բոլոր պարագաներու, ուտեստեղէնի պատրաստութիւնը կը կատարուի տեղական ճաշարաններու մէջ, տեղական արտադրանքներով եւ բաղադրատոմսերով:  Ի դէպ, շարք մը տեղական ճաշարաններու սեփականատէրերը ատենին մասնակցողներ են Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կանանց Հզօրացման Ծրագրին, որուն նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի կանանց գործարարական ձիրքերու զարգացման:

«Այս տեղահանեալներէն շատեր, ներառեալ ծանր հիւանդներ եւ ծերեր, իրենց բնակավայրերէն ելած են հապճեպ, առանց նախապատրաստութեան, երկար ժամեր պարտադրուած ըլլալով սպասել ինքնաշարժերու շարասիւնի մէջ, նախ քան դէպի Հայաստանի ապահով տարածք սահմանի հատումը:» կը բացատրէ Ալին Քամաքեան:  «Ակներեւ են ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան ճնշման հետեւանքները, որոնց մենք ծանօթ ենք նման աղէտներու պարագային, երբ աղէտի զոհերը ի վիճակի չեն հոգալու իրենց կարիքները:  Նման պարագաներու, հոգածու, ազնիւ եւ արժանապատիւ վերաբերումը, տաք եւ սննդարար ճաշի մատակարարումին առընթեր, համոզուած եմ, որ սփոփարար տեր կը կատարէ անոնց համար, իրենց կեանքերը վերակազմակերպելու այս  առաջին անորոշ հանգրուանին:»

Հ.Բ.Ը.Մ.ին կողմէ տրամադրուած միջոցներուն եւ կամաւորներուն շնորհիւ, Հ.Կ.Խ.ն եւ Այլին Քամաքեանը ժամանակ չկորսնցուցին անմիջապէս գործի ձեռնարկելու որպէսզի իրենց հմտութիւնը եւ փորձառութիւնը ի գործ դնեն տեղահանեալ մեր հայրենակիցներուն օգտակար հանդիսանալու ճիգին:  Ալին Քամաքեան համոզուած է, որ մարդասիրական աջակցութիւնը մեծապէս օգտակար է անցումի այս հանգրուանին: