December 28, 2015
A- A+
read

President Berge Setrakian’s Year-End Greeting

  • Image

 

Երկուշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2015

 

Հ.Բ.Ը.ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՂՋՈՅՆԸ

ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒՆ, ԳՈՐԾԱԿԻՑ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ, ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

 

Իր աւարտին մօտեցող այս տարեշրջանը, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս եւ անկէ անդին, մեր ազգին, հայրենիքին եւ Միութեան համար պիտի նշուի իր աննախընթաց իրադարձութիւններով եւ իրագործումներով, որոնք լաւագոյնս դրսեւորեցին Հայրենիքի եւ Սփիւռքի համադրուած ներուժը, կարեւոր հանգրուան մը կազմելով մեր ազգի պատմութեան մէջ:

Մեր միութեան համար 2015 տարին յատկանշուեցաւ բոլոր մարզերու մէջ ծաւալող գործունէութեամբ եւ կարեւոր իրագործումներով՝ նոր սերունդի տարբեր շրջանակներու շաղկապումին եւ անոնց միջոցաւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու սերտացումին եւ գործակցական ու փոխադարձ օգնութեան նախաձեռնութիւններու աշխուժացման ուղղութիւններով:

Այս առթիւ ջերմօրէն կ'ողջունեմ Միութեան բարերարները, բարեկամները եւ գործակից կազմակերպութիւններն ու կառոյցները, ինչպէս նաեւ մեր անդամակցութիւնը, շրջանակները, մասնաճիւղերը եւ անոնց յանձնախումբերու գործօն եւ նուիրեալ անդամները, կրթական ցանցէն ներս գործող մեր ուսուցչակազմերը, աշակերտութիւնը եւ ծնողները, յայտնելով խոր գնահատանքս եւ շնորհակալութիւններս իրենց հետեւողական հաւատաւոր աշխատանքին եւ արդիւնաւոր գործունէութեան համար:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, նոր տարուան սեմին, անխախտ կը կենայ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի կողքին, պատրաստ դիմագրաւելու մեր դիմաց ցցուող նոր եւ շարունակուող բազմապիսի մարտահրաւէրները:

Հետեւաբար, մեր միութեան 110-րդ տարեդարձի սեմին, կոչ կ'ուղղեմ մեր անդամակցութեան, խորապէս ընկալելու նոր ժամանակներու ոգին եւ նորոգուած եռանդով մեր համադրեալ ուժերը եւ կարելիութիւնները ի գործ դնելու, ի խնդիր Հայ Ընդհանուր Միութեան  հիմնական նպատակներու իրագործումին, որպէսզի մեր երիտասարդ սերունդերը հպարտութեամբ փարին իրենց ինքնութեան եւ խանդավառութեամբ շարունակեն մասնակից դառնալ մեր ազգանուէր եւ հայրենակերտ աշխատանքին:

Այս ոգիով կ'ողջունեմ ձեզ եւ կը փոխանցեմ խաղաղ, ուրախութեամբ լի առողջ եւ արդիւնաւոր Նոր Տարուան մը սրտագին բարեմաղթութիւններս բոլորիդ:

 

 

 

Պերճ Սեդրակեան

Please note that archived content may appear distorted as it has been stripped of formatting and original images.