October 09, 2022
A- A+
read

Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Պատգամը Ուղղուած Հ.Բ.Ը.Մ.ի 92-րդ Ընդհանուր Ժողովին

  • Image
    AGBU 92nd GA

Հայաստանի մեծարգոյ Նախագահ, Վեհափառ Տէր, Սփիւռքի Մեծարգոյ Յանձնակատար, Սիրելի Միութենականներ եւ Բարեկամներ

Այսօր, հայրենիքի մէջ, Երեւան Մայրաքաղաքէն, մեր խօսքը կ'ուղղնք ձեզի, շրջապատուած Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան անդամներով, համակիրներով եւ բարեկամներով, որոնք հաւաքուած են հոս աշխարհի տարբեր կողմերէն, երկար անջատումէ ետք միասին ըլլալու եւ ինչ որ աւելի էական է, մեր զօրակցութիւնը ցուցաբերելու Հայաստանի ժողովուրդին, որ կը շարունակէ անկոտրում կամք դրսեւորել, ծանր եւ անորոշ իրադրութեան մը դէմ յանդիման:

Անցնող երկու տարիներուն, որոնք յատկանշուեցան ողբերգութեամբ եւ ծանր կորուստներով, մենք մեր օգնութեան եւ վերականգնումի աշխատանքներուն ընթացքին, առիթը ունեցանք մօտէն ծանօթանալու հարիւրաւոր հայերու եւ անոնց ընտանիքներուն: Անոնք մեզի յոյս եւ հաստատակամութիւն կը ներշնչէին իրենց արիութեամբ եւ պայքարելու ոգիով: Այնպէս, ինչպէս եղած է միշտ մեր պատմութեան ծանրագոյն եւ անյուսալի թուացող պահերուն, երբ մեր ժողովուրդի անկոտրելի ոգին աւելի հզօր կը դառնայ:

Մեր նախորդ Ընդհանուր Ժողովին ես Հ.Բ.Ը.Մ.ը բնութագրած էի որպէս կենսունակ եւ դիմակալելու պատրաստ, ինչպէս ըսած եմ բազմիցս: Կենսունակ, որովհետեւ Միութիւնը կը յատկանշուի իր ստեղծարար ոգիով, կենսանուիրութեամբ եւ ապագային յարող բնութեամբ: Դիմակալելու պատրաստ, որովհետեւ կը քաջալերենք նորարարութիւնը, համահունչ ենք տարբեր սերունդներու պահանջներուն եւ քայլ կը պահենք փոխուող ժամանակներուն հետ:

Մինչ այս յատկանիշները կը շարունակեն բնորոշել մեր առաքելութիւնը, անցնող երկու տարիներու փորձանաւոր իրադարձութիւնները որոնք մեր ժողովուրդը ծանրագոյն մարտահրաւէրներու դիմաց դրին, կրնան մեզ մղել հարցադրելու թէ արդէօ՞ք այդ յատկանիշները բաւարար են մեզի համար: Անցնող ամսուան մեր հայրենիքի ինքնիշխան տարածքներուն դէմ սանձազերծուած ազերի յարձակումը, կրկին անգամ ցնցեց եւ տագնապեցուց բոլորս, մեր երկրի ապագային սպառնացող վտանգներով:

Կրկին անգամ հայութիւնը իր պատմական թշնամիներուն կողմէ դիրախաւորուած է ատելութեան եւ բռնատիրական տրամադրութիւններով, մինչ բարեկամ նկատուած երկիրներ ուշադիր չեն մեր նկատմամբ: Այնպէս կը զգանք, թէ մեկուսացուած ենք եւ թակարդուած:

Հաստատապէս համոզուած եմ որ մեզի համար կարելի է յաղթահարել այս պարտուողական տրամադրութիւնը, կառչած մնալով գոյապահպանումի հազարամեայ մեր անկոտրում բնազդին: մենք ժառանգորդներն ենք մեր ժողովուրդի յաւերժութեան գաղափարին, ի հիճուկս մեր դեմ ցցուող բոլոր դժուարութիւններուն: Թոյլատրելի չէ սակայն որեւէ թուլացում: Դժնդակ պայքար մըն է որ կը մղենք, որուն համար անհրաժեշտ է ի գործ դնել ամէն լծակ, առաւելութիւն, ձիրք եւ կարողութիւն, պաշտպանելու համար մեր գոյութիւնը որպէս ազատ եւ ինքնիշխան ազգ: Հրամայական է այսօր մէկ կողմ դնել մեր տարակարծութիւնները եւ միացնել մեր ուժերը առաւելագոյն արդիւնքի հասնելու համար: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ որ կուսակցական հակամարտութիւններ եւ վրէժխնդրութիւններ

ջլատեն մեր ուժերը եւ վատնեն մեր կարելիութիւնները: Աելի քան անհրաժեշտ է մանաւանդ, Հարենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ փոխադարձ առողջ յարաբերութիւններու զարգացումը: Անցնող քանի մը տարիներու փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, թէ մենք մեր ուժերուն միայն կրնանք վստահիլ: Ներկայիս տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումները եւ դիւանագիտական բարդ եւ խրդին բանակցութիւնները Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, որոնք յառաջ կը տարուին Ռուսիոյ եւ արեւմտեան երկիրներու միջնորդութեամբ, մեզմէ կը պահանջեն ըլլալ աչալուրջ եւ շրջահայեաց, որպէսզի սահմաններու եւ շրջանային հաղորդակցութեան ճամբաներու բացման կապուած համաձայնութիւնները չկատարուին Հայաստանի ինքնիշխանութեան, հայ ժողովուրդի անվտանգութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հաշւոյն, տկար դիրքերէ բանակցութեան պատճառաբանութեամբ:

Մինչ շատ մը նախադրեալներ կրնան անկախ ըլլալ մեր կամքէն, սակայն կայ անյետաձգելի որոշում մը, որ պէտք է բոլորս առնենք միասնաբար: Ատա՞կ ենք գործելու միասնաբար, վեր մնալով ներքին հակամարտութիւններէ եւ մրցակցութիւններէ, ի շահ մեր ազգի եւ հայրենիքի ապագային: Մեր ճիգերը ուղղուած պէտք է ըլլան փոխելու մեր գործելակերպը եւ մտայնութիւնը իրարու նկատմամբ:

Գիտակից պահի լրջութեան, Հ.Բ.Ը.Մ.Ը կոչ կ'ուղղէ Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայութեան, հաստատակամ եւ միասնական ճիգերով լծուելու ազգի գոյապահպանումի առաքելութեան:

Մենք կոչ կ'ուղղենք Հայաստանի քաղաքական ուժերուն մէկդի դնել իրենց ներքաղաքական տարակարծութիւնները: Մեր փափաքն է նաեւ որ հայրենի կառավարութիւնը մշակէ եւ գործադրէ շարք մը համակարգուած եւ հեռանկարային օրինագիծեր, սկսած դիւանագիտական ձիրքերու զարգացումով, ներառեալ նաեւ ընկերային եւ տնտեսական ծրագիրներ, ուղղպուած երկրի հիմնակառոյցներու ամրապնդման: Բարեկամեցողութեամբ եւ գործնական մօտեցումով, ղեկավար դիրքերու վրայ գտնուողներ, կրնան հաստատուն հիմեր կառուցել անվտանգ եւ բարգաւաճ հայրենիքի համար: Կը գտնուինք կարեւոր եւ որոշիչ հանգրուանի մը սեմին: Ոչ ոք կրնայ առանձին գործել:

Հայ Եկեղեցին նոյնպէս կարեւոր դեր ունի Հայաստանի հանրային կեանքին մէջ: Մենք կը զօրակցինք մեր Ազգային Եկեղեցիին, որ կը պահպանէ մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը եւ կը բնորոշէ մեր դիմագիծը ազգերու ընտանիքէն ներս: Երբ Հայաստան կը յայտարարէր իր անկախութիւնը եւ խորհրդային ապակրօնական դրութենէն բաժնուելու գործընթացին մէջ էր, Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Վեհափառը կը յիշեցնէր մեզի, թէ «Պատմութեան ընթացքին, մէկ ազգ եւ մէկ միացեալ պետութիւն լոզունգով, հայ ազգը եւ հայ եկեղեցին մէկզմէկու գոյութիւնը կ'իմաստաւորէին եւ զիար կը հզօրացնէին իրենց հասարակաց պայքարի ընթացքին: Մեր օրերուն, անկախութեան հռչակումով, այս իրականութիւնը աւելի եւս պայծառացաւ»:

Արդարեւ, անկախ եւ ժողովրդավար ընտրութեամբ կայացած Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի անդամներուն կողմէ որդեգրուած առաջին օրինագիծերէն մին, Հայ Եկեղեցին կը ճանչնար, որպէս մեր հայ ժողովուրդի պատմական եկեղեցին եւ հայ ազգի ժառանգութեան պահպանումին կարեւոր կռուանը: Կարեւոր է վերյիշել միասնականութեան այս դրսեւորումները, դասեր քաղել անոնցմէ եւ աշխատիլ այդ նպատակին ուղղութեամբ:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը յանձնառու կը մնայ ազգային կառուցներու ամրապնդումի եւ ապագայ առաջնորդներու պատրաստութեան իր առաքելութեան, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Մենք կը շարունակենք

ապահովել անհրաժեշտ միջոցները հայ նոր սերունդներուն, որպէսզի անոնք յաջողութեան հասնին աշխարհի տարածքին: Գիտակից նաեւ Սփիւռքի փոխուող իրականութեան, մենք կը վերամշակենք եւ կը վերահունաւորենք մեր մօտիկ ապագայի հեռանկարները եւ նախապատուութիւնները:

Այդ հասկացողութեամբ, Հայաստանի եւ հայութեան համար առաջնահերթ է ունենալ գիտութիւն եւ փորձառութիւններ համադրող կեդրոն մը, դիւանագիտական եւ հետազօտական նախաձեռնութիւններ իրականացնելու համար: Հպարտութեամբ կը նշենք, թէ Միութիւնը իրականացուց նման նախաձեռնութիւն մը ԱՓՐԻ Հայաստան գործառական քաղաքականութեան մշակումի հետազօտական կեդրոնի ստեղծումով (APRI – Applied Policy Research Initiative): Այս կեդրոնը, որուն կարիքը բացայայտ էր խորքային աշխոյժ քաղաքական քննարկումներով եւ երկխօսութեամբ Հայաստանը իր աշխարհաքաղաքական պարունակին մէջ խորապէս ճանչնալու համար, գործել սկսաւ այս տարուան սկիզբին: Որպէս մտաւորական ներուժի կազմաւորուող շտեմարան եւ քաղաքականութեան մշակումի խթանիչ, ԱՓՐԻ -ն իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է շրջանային կայունութեան, կայուն բարգաւաճման եւ գործնական լուծումներու որոնումի խնդիրներուն վրայ:

Այս նորաստեղծ հաստատութիւնը սեփականութիւնը պիտի ըլլայ ազգին, ինչպէս այլ նմանօրինակ հաստատութիւններ որոնք տեսլապաշտ անհատներու կողմէ հիմնուած էին ծառայելու համար համընդհանուր հայութեան: Այդ հաստատութիւններու շարքին կարելի է յիշել Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը, որուն գոյառումի խթանիչ ուժն էր հանգուցեալ Նախագահ Լուիզ Սիմոնը: Անիկա այսօր կը հանդիսանայ յետ-խորհրդային առաջին արեւմտեան հակում ունեցող համալսարանը տարծաշրջանին մէջ: Մեր միութիւնը միշտ ձգտած է հասնիլ առաւելագոյնին եւ կը շարունակէ գործել այդ չափանիշերով:

Ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու Թումո Կեդրոնը, որ Հայաստանի վարկը բարձրացուցած է յաչս համաշխահային ոչ-հայ շրջանակներու, հիմնուած էր իր կարգին, հաւատաւոր միութենականներ Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններուն կողմէ: Իսկ նոյնպէս միջազգային ճանաչում ստացած Հայկական Հեռավար Համալսարանը (AVC), որպէս հեռավար ուսման յաջող ձեռնարկ, հիմնուած էր Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Երուանդ Զօրեանի կողմէ:

Այս յանդուգն նախաձեռնութիւնները լաւագոյնս կը հաստատեն այն իրականութիւնը, թէ Սփիւռքի հայրենասիրական ոգին եւ սէրը հայ ժողովուրդին նկատմամբ, կրնան արդիւնաւոր գործակցութեան փայլուն օրինակներ հանդիսանալ:

Միաժամանակ, Կեդրոնական Վարչութիւնը կ'ակնկալէ մեր շրջանակներու ղեկավարութիւններէն, ձեւաւորել ճանապարհային նոր քարտէս եւ ուղեգիծ: Մինչ մեր գրասենեակները, մասնաճիւղերը եւ Երիտասարդ Արհեստավարժները կը շարունակեն ի գործ դնել կարիքաւորներու մարդասիրական օգնութեան եւ հայութեան վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ իրազեկումի աշխատանքներ, Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ պիտի շարունակուին խորհրդաժողովները եւ քննարկումները, ռազմավարական խնդիրներու վերաբերեալ: Կեդրոնի անդամներ հանդիպումներ պիտի ունենան պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ եւս, հոս, Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ:

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին, ձեր այստեղ ներկայութեան համար: Ինչպէս կը տեսնէք, 2020- 2021-ի երկամեայ տեղեկագիրի մանրամասնութիւններէն եւ այստեղ ներկայացուած զեկուցումներէն, Հ.Բ.Ը.Մ.ը ընդարձակուող տիեզերք մըն է ինքնին:

Միութեան նախագահութիւնը գոր պատուով վարած եմ անցնող 20 տարիներուն, գոհունակութեան եւ ներշնչումի աղբիւր եղած է ինծի համար: Տակաւին, ամէն անգամ որ անծանօթ դէմք մը, երիտասարդ ուսանող, կամ տաղանդաւոր արուեստագէտ, կը մօտենայ ինծի եւ կը վկայէ թէ յաջողութիւն գտած է կամ ճանաչումի արժանացած է համաշխարհային հարթակի վրայ, շնորհիւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի աջակցութեան, խորապէս կը ւզուիմ հպարտութեան զգացումներով:

Խորապէս երախտապարտ եմ նաեւ անոնց հանդէպ, որոնք նուիրումով կը գործեն մեր աշխարհատարած յանձնախումբերուն մէջ: Դուք ամէն օր կը մարմնաւորէք Միութեան ազգանուէր ոգին:

Երբ կը խորհրդածեմ անցնող երկու տարիներուն մասին, որոնք եղան յատկապէս ծանր ու դժնդակ, կը վերյիշեմ մեր կամաւորներուն եւ պաշտօնէութեան նուիրեալ աշխատանքը, զօրակցութեամբ մեր նուիրատուներու եւ բարերարներու լիաբուռն նուիրատուութիւններու հոսքին, համայնքային աշխոյժ շարժով, միաժամանակ գեղարուեստական եւ կրթական աշխատանքներ իրականացնելու յանձնառութեամբ, կ'ունենամ այն հաստատ համոզումը, թէ Միութիւնը ապահով ձեռքերու մէջ է:

Միշտ յիշեցէք, թէ այս այն կազմակերպութիւնն է, որուն նախագահը Պօղոս Նուպար, կը գլխաւորէր Ազգային Պատուիրակութիւնը, Սեւրի Խորհրդաժողովին, պաշտպանելու համար հայ ժողովուրդի շահերը: Այն կազմակերպութիւնը, որ Ցեղասպանութենէն ետք օգնեց ազգի վերականգնումին, նաեւ ի հիճուկս ամէն արգելքներու, յաջողեցաւ Խորհրդային Միութեան մէջ կառոյցներ ստեղծել, ներգաղթը իրականացնել եւ թիկունք կանգնիլ եկեղեցիին: Կազմակերպել օգնութեան աշխատանքները երկրաշարժէն ետք եւ Արցախեան Երկրորդ Պատերազմին: Այս կազմակերպութիւնն է որ պիտի շարունակէ յուսատու փարոս ըլլալ հայութեան խաւար օրերուն:

Ձեր աջակցութիւնը այս վճռորոշ ժամանակներուն, եղաւ իրապէս արտակարգ եւ գերազանց: Շնորհակալութիւն ձեր առատաձեռնութեան, նուիրումին, յանձնառութեան եւ Միութեան հանդէպ ձեր հաւատքին եւ վստահութեան համար:

Ամէն ատենէ աւելի այսօր, Միութիւնը Մեր Զօրութիւնն է: