
Image

Read AGBU President Berge Setrakian's message in the following languages:
Armenian (Eastern) | Armenian (Western)
As we embark on a new year, we proudly look back on the last twelve months as ones which marked significant moments in our national history while undoubtedly cementing our place in world history. With a succession of important milestones, groundbreaking turning points and strategic partnerships, 2018 shaped up to be what few could have predicted even a year ago.
The highlight was Armenia's Velvet Revolution, where our nation's citizens demonstrated what non-violent revolution looks like. Just weeks ago, the second phase of this peaceful transfer of power was manifested in free and fair parliamentary elections, which resulted in a sweeping majority of Prime Minister Nikol Pashinyan's My Step Alliance.
This watershed event begged an important question: how could the diaspora make a meaningful difference in fulfilling the promise of the New Armenia and realize the concept of "a small republic that is a global nation." This theme, coined by President Armen Sarkissian earlier in the year, coincides perfectly with AGBU's commitment to creating "global Armenians," a concept we have been promoting for several years. So during a year when AGBU saw significant growth across a number of areas, our organization was well positioned to help explore that question in constructive and concrete ways.
Among our efforts was facilitating substantive one-on-one conversations between members of our community and newly-appointed ministers from Armenia shortly after the May revolution. Much was learned on both sides about the vision for a New Armenia, defined by inclusion of the diaspora to help spur economic growth and build an effective civil society.
Worth mentioning are a number of major successes we realized on the global level, as well as many notable activities across our regions and through our chapters:
We elevated our partnership with The Smithsonian Institution, supporting its Folk Life Festival on the Great Lawn in Washington DC this past summer. We not only contributed to the sponsorship of displays of authentic experiences during the festival weekends, but we also worked with Armenia's Tourism Board to host a series of presentations for tourism specialists in Boston, New York and Washington DC.
New York was also the site of the groundbreaking Armenia! exhibition at the Metropolitan Museum of Art, which placed Armenian Medieval Art center stage as an influential shaper of ancient civilization. To help sustain the momentum, AGBU sponsored a series of theme-related events at the Met, from performances to children's activities to Christmas concerts. We also featured curators of Armenia! on AGBU WebTalks, which also appeared on the Met's own website.
AGBU London organized a gala fundraiser for TUMO x AGBU with special guest footballer Henrikh Mikhitaryan, while AGBU Europe, in support of the AGBU Children's Centers in Armenia, presented a "Musical Weekend in Brussels," featuring rising Armenian musical talents. AGBU New England celebrated its 110th Anniversary, raising more than $2 million for local and global youth programs; a significant portion of these funds came from the generosity of Armenian-American World War II veterans. Meanwhile, our Young Professionals continued to impress with their activities adding new groups, notably one in South Korea marking an official entry of the network into Asia.
Also breaking ground in 2018 were two AGBU signature programs that foster collaborative Armenian-Diaspora relations: the AGBU Women's Empowerment Program and Bridge for CSO's, a partnership with the Council of Europe. Managed by AGBU, both these pilot programs hinge largely on a diasporan component in the form of mentors, ambassadors and industry experts. In addition, our teams in Armenia, Canada and France worked together to build new alliances during the Francophonie Summit in October where heads of state and delegations from across the French-speaking world converged in Yerevan for policy talks and cultural exchange.
This was also the year of milestone commemorations. Armenians worldwide, along with the people of France, mourned the loss of Charles Aznavour, one of the brightest luminaries in the world of entertainment. Little did we know during our exclusive interview with this cultural icon one month prior that his own words about working till his last breath would be so prophetic.
We observed anniversaries of triumphs and losses from the 100th anniversaries of the Battle of Sardarabad and the First Armenian Republic, to the 30th anniversary of the Artsakh Liberation Movement and the Spitak earthquake. Each of these was marked with thoughtful reverence and educational outreach. Furthermore, to continue reaching our goal of helping Artsakh build its own sustainable growth economy, we established the AGBU Fund for Artsakh.
As always, we thank our membership, staff and volunteers for their continued dedication and tireless efforts to achieve our vast mission. We are grateful to our benefactors, donors and supporters without whom none of our successes could be achieved.
I am confident in saying that 2018 will long be remembered as a banner year for Armenians and AGBU in our newfound role as global citizens. We look forward to 2019 with high hopes for Armenia and Artsakh, and with a steadfast commitment to all our constituents, beneficiaries and partners who count on us to lay the foundations for the prosperity and well-being of all Armenians.
In that spirit, please accept my best wishes for a healthy, prosperous and blessed New Year.
Berge Setrakian
President
Նոր տարուան սեմին, գոհունակութեամբ կը վերագնահատենք անցնող տասներկու ամիսներու յատկանշական իրադարձութիւնները, որոնք նշանակալի զարգացումներով դրսեւորուեցան մեր ազգային կեանքէն ներս, համաշխարհային համակրանքի արժանացնելով հայութիւնը, իւրայատուկ դիրք ապահովելով հայ ժողովուրդին՝ արդի ժամանակագրութեան էջերուն մէջ: Անցնող տարեշրջանին, պատահեցան անկիւնադարձային դէպքեր եւ ձեւաւորուեցան ռազմավարական ուղղութիւններ ու յարաբերութիւններ, որոնք տակաւին տարի մը առաջ իսկ նախատեսելի չէին մեզի համար:
Հայրենի ժողովուրդին կողմէ իրականացած թաւշեայ յեղափոխութիւնը, անցնող ամսուան ընթացքին կատարուած համաժողովրդային ընտրութիւններով, օրինականօրէն ամրագրեց Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած շարժումին կողմէ խորհրդարանական մեծամասնութեան ապահովումը:
Ուղենշային այս իրագործումը, սփիւռքահայութիւնը կը դնէր լուրջ մարտահրաւէրի մը դէմ հանդիման, Նոր Հայաստանի ձգտումներու իրականցումին ուղղութեամբ իր դերի եւ պարտաւորութիւններու ստանձնումը պատուով կատարելու հրամայականով: Այդ դերի ըմբռնումը կ'արտայայտուէր անցնող տարիներուն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ որդեգրուած «համաշխարհային հայ»ու տիպարի հասկացողութեամբ եւ Նախագահ Արմէն Սարգիսեանի առաջադրած «Փոքր ժողովուրդ աշխարհածաւալ ազգութիւն» լոզունգով: Իր կազմակերպչական կառոյցին ընդլայնումով եւ ժամանակակից կարիքներու ընդառաջ նոր կողմնորոշումներով, Հ.Բ.Ը.Մ.ը պատրաստ է եւ յանձնառու, արդիւնաւոր նախաձեռնութիւններով դիմագրաւելու այդ հրամայականը:
Առ այդ, Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր իրադրութեան առաջին իսկ օրերուն, Միութիւնը նորանշանակ կառավարութեան տարբեր նախարարութիւններուն հետ անհատական մակարդակի վրայ սերտ համագործակցութեամբ եւ աշխատանքային հանդիպումներով, իր մասնակցութիւնը բերաւ սփիւռքահայութիւնը երկրի ընկերային տնտեսական զարգացման ուղղուած ծրագրումի եւ քաղաքացիական կառոյցներու ամրապնդման գործընթացին մասնակից դարձնելու ճիգերուն:
Աշխարհի տարածքին Հ.Բ.Ը.Մ.ի տարբեր կառոյցներուն եւ շրջանակներուն շարունակուող ծրագիրներու օգտակար եւ աշխոյժ գործունէութիւններուն կողքին, կ'արժէ նշել անցնող տարեշրջանին իրականացած շարք մը ընդհանրական կարեւոր նախաձեռնութիւններ:
Ընդարձակելով Ուաշինկթըն Տի Սի-ի մէջ Սմիթսոնիըն Ինստիտուտ-ին հետ իր առկայ գործակցութեան ծիրը, Միութիւնը գործօն մասնակցութիւն բերաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի կեդրոնական զբօսայգիին մէջ կայացած ժողովրդային Կեանքի Փառատօն-ին: Փառատօնին ընձեռած իր հովանաւորութեան առընթեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը Հայաստանի Զբօսա-շրջիկութեան Գործադիր Մարմինին հետ համախորհուրդ, կազմակերպեց եւ հիւրընկալեց ծանօթացումի յատուկ հանդիպումներ այդ մարզի մասնագէտներու հետ, Ուաշինկթըն Տի Սիի, Նիւ Եորքի եւ Պոսթոնի մէջ:
Նիւ Եորքի Արուեստի Մէթրոփոլիթըն Թանգարանի «Armenia!» խորագրով աննախընթաց ցուցահանդէսը, թանգարանի բազմահազար այցելուներուն եւ արուեստի աշխարհին ծանօթացուց հայկական Միջնադարեան Արուեստին իւրայատուկ բնոյթը եւ անոր դերը, հին աշխարհի մշակոյթներու կազմաւորման հոլովոյթին մէջ: Այդ առիթով, որպէս ցուցահանդէսի գլխաւոր հովանաւորողներէն մին, Հ.Բ.Ը.Մ.ը թանգարանի տարածքէն ներս կազմակերպեց շարք մը յարակից յայտագիրներ, ինչպէս՝ մանուկներու յատուկ գործունէութիւններ, կատարո-ղական ելոյթներ եւ Ս. Ծննդեան համոյթ: Իր համացանցային հարցազրոյցներու շարքին մէջ, յատուկ յայտագրով մը Միութիւնը հանրութեան ներկայացուց ցուցահանդէսի կազմակեր-պիչները: Հայկական արուեստին եւ յայտագրի կազմակերպչական աշխատանքերուն վերա-բերեալ անոնց ելոյթը տեղադրուեցաւ նաեւ թանգարանի կայքէջին վրայ:
Միութեան Շրջանակներուն կողմէ իրականացուած յատկանշական նախաձեռնութիւններէն էին՝ Լոնտոնի Հ.Բ.Ը.Մ.ի կազմակերպած նուիրահաւաքի հաւաքոյթը ի նպաստ համագործակ-ցաբար գործող Թումո-Հ.Բ.Ը.Մ. կեդրոններուն, իբր պատուոյ հիւր՝ ոտնագնդակի աշխարհահռչակ աստղ Հէնրիխ Մխիթարեանի մասնակցութեամբ: «Պրիւքսէլի մէջ Երաժշտական Շաբաթավերջ» յայտագիրը, կազմակերպուած էր երաժշտական արուեստի երիտասարդ աստղերու մասնակցութեամբ, նիւթական աջակցութիւն ապահովելու համար «Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայորդեայց Տուներ»ուն: Իսկ Նիւ Ինկլէնտ-ի Հ.Բ.Ը.Մ.ը իր հիմնադրութեան 110-ամեակի տօնախմբութեան առիթով, աւելի քան երկու միլիոն ամերիկեան տոլարի հանգանակութիւն մը իրականացուց, շնորհիւ յատկապէս Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի վեթերաններու առատաձեռն մասնակցութեան: Երիտասարդ Արհեստա-վարժներու խմբակցութիւնները շարունակեցին իրենց աշխոյժ գործունէութիւնը, պաշտօնապէս ընդարրձակելով իրենց ցանցը Ասիոյ մէջ, Հարաւային Քորէայի մէջ ստեղծուած նոր խմբակցութեամբ:
Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան ծիրին մէջ, յատկանշական երկու ծրագիրներ կարեւոր յառաջընթաց արձանագրեցին 2018-ի ընթացքին. Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կանանց Նախաձեռնութիւներու Զօրակցական շարժումը եւ Կամուրջ Քաղաքացիական Համայնքային Կազմակերպութիւններու ծրագիրը, Եւրոպական Խորհուրդին հետ համագործակցութեամբ: Հ.Բ.Ը.Մ.ի կողմէ իրագործուող այս զոյգ ծրագիրները, գլխաւորաբար կ'իրականացուին սփիւռքի աջակցութեամբ, ապահովելով խորհրդատուներու, յատուկ ոլորտներու մասնագէտներու եւ դեսպաններու մասնակցութիւնը: Առաւել, Հայաստանի, Գանատայի եւ Ֆրանսայի մեր գործող խումբերը, Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայացած Ֆրանքօֆօնիի Համագումար-ի ընթացքին, օգտուելով այդ առթիւ հայաստան համախմբուած ֆրանսախօս աշխարհի պետական ղեկավարներու եւ պատգամաւորներու ներկայութենէն, միասնաբար աշխատեցան նոր կապեր եւ գործակցական յարաբերութիւններ մշակելու ուղղութեամբ:
Տարին յատկանշուեցաւ նաեւ պատմական յիշատակելի իրադարձութիւններով: Ֆրանսայի ժողովուրդին կողքին, համայն աշխարհը սգաց կատարողական արուեստի համաշխարհային ամենափայլուն աստղերէն Շարլ Ազնաւուրի կորուստը: Միութեան պաշտօնաթերթին հետ կատարած վերջին հարցազրոյցին իր յայտարարութիւնը, թէ պիտի երգէ մինչեւ իր վերջին շունչը, մարգարէական կը հնչէ այսօր:
Նշեցինք յաղթանակներու եւ կորուստներու դարադարձեր եւ տարեդարձներ: Սարդարա-պատի Ճակատամարտի եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակներէն, մինչեւ Արցախի Ազատագրական Շարժումի եւ Սպիտակի Երկրաշարժի 30-ամեակները: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը արժանացան յարգանքի խոհական դրսեւորումներու, ինչպէս նաեւ առիթ հանդիսացան հանրութիւնը իրազեկող ծրագիրներու մշակումին: Յատկապէս Արցախի տնտեսական կայուն զարգացման ի նպաստ, հիմնուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Արցախի Ֆոնտը:
Ինչպէս միշտ, մենք բարձր կը գնահատենք մեր շրջանակներուն, անդամակցութեան եւ անձնակազմերուն հաւատաւոր, աշխոյժ եւ նուիրեալ աշխատանքը, որուն միջոցաւ կարելի դարձան անցնող տարեշրջանի փայլուն նախաձեռնութիւնները: Մենք երախտապարտ ենք նաեւ մեր բարերարներուն եւ նուիրատուներուն, որոնց առատաձեռն աջակցութեան միջոցաւ կ'իրականանան մեր ազգօգուտ կարեւոր ծրագիրներուն գործադրութիւնը եւ մեր դէմ ցցուող յարափոփոխ մարտահրաւէրներու դիմագրաւումը:
Կրնամ վստահութեամբ հաստատել, թէ 2018-ը երկար պիտի յիշուի, հայութեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ին համար որպէս նշանակելի տարի, յատկապէս համաշխարհային քաղաքացիութեան ժամանակակից մեր նոր իրականութեան լոյսին տակ: 2019-ը կը դիմաւորենք Հայաստանի եւ Արցախի համար բարձր ակնկալութիւններով եւ յոյսերով, ապահովցնելով մեր բարերաները եւ անդամակցութիւնը, թէ կը շարունակենք հաստատ մնալ հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան ի խնդիր մեր Ընդհանուր Միութեան յանձնառութեան մէջ:
Այդ ոգիով, ձեր բոլորին կը փոխանցենք խաղաղ, բարեբեր եւ օրհնաբեր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները:
Պերճ Սեդրակեան
Նախագահ
Please note that archived content may appear distorted as it has been stripped of formatting and original images.