Միշտ գիտակից, թէ անորոշ ժամանակներու մէջ կ'ապրինք, Հ.Բ.Ը.Մ.ը յանձնառու կը մնայ իր առաքելութեան ծիրէն ներս նոր նախաձեռնութիւններ եւ ծրագիրներ իրականացնելու, պատրաստ դիմագրաւելու եւ լուծումներ գտնելու մեր համայնքները եւ ընդհանրապէս հայութիւնը յուզող առկայ եւ յետագայ խնդիրներուն:
Մինչ կը մօտենանք տարուան աւարտին, Հայաստանի եւ Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները դարձեալ տագնապալի կացութիւն մը կը դիմագրաւեն, իրենց դէմ անխղճօրէն ի գործ դրուող շրջափակումին պատճառով, որ կրկին անգամ մեր վճռակամութեան ուղղուած մարտահրաւէր մըն է: Վերյիշեցում մը, որ պէտք է շարունակենք ըլլալ զգաստ եւ հաստատակամ, ինչպէս պարտադրուած ենք ըլլալ միշտ, ինչպէս եւ յատկանշուած է Հ.Բ.Ը.Մ.ի գործելաոճը տասնամեակներ շարունակ:
Այս մտածումներով, երբ կ'անդրադառնանք անցնող տասներկու ամիսներու մեր համընդհանուր գործունէութեան, կրնանք հաստատել, թէ Հ.Բ.Ը.Մ.ին համար տարին կը յատկանշուէր բազմաթիւ նոր նախաձեռնութիւններով:
Հիմնական ծրագիրներու պարագային, ընդհանրապէս սիրուած գործունէութիւնները վերագտան իրենց նախահամավարակի բնականոն ընթացքը, առիթ ընձեռելով խանդավառ մթնոլորտի մէջ ընկերային փոխ-յարաբերութիւններու վերաշխուժացումին:
Մեր դպրոցները, ամառնային ճամբարները, երիտասարդներու համար առաջնորդական ծրագիրները եւ Երիտասարդ Արհեստավարժներու գործունէութիւնը, նաեւ երիտասարդական, մարզական եւ մշակութային շարժումները վերագտան իրենց նախկին թափը: Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կատարողական Արուեստներու բարձրորակ ելոյթները աշխարհի տարածքին հռչակաւոր սրահներու մէջ, իրականացան հոծ բազմութիւններու ներկայութեան: Երկու տարիներու պարտադիր սահմանափակումներէն ետք, մեր տեղական մասնաճիւղերը վերաբացին իրենց դռները, բազմաթիւ ծրագիրներով մղում տալով համայնքային եռուն կեանքին:
Անցեալ Հոկտեմբերին, մեր անդամակցութիւնը աւելի քան քսանհինգ երկիրներէ, համախմբուեցաւ Հայաստանի մէջ, մասնակցելու համար Միութեան 92-րդ Ընդհանուր Ժողովին: Արտակարգ պայմաններու տակ իրականացած այս համախմբումը կարեւոր էր որպէս զօրակցական արտայայտութիւն հայրենի ժողովուրդին, որ շարունակաբար կ'ենթարկուի ազերիական յարձակումներու: Ընդհանուր ժողովէն միայն շաբաթներ առաջ, հայկական ինքնիշխան տարածքներու վրայ ազերիական ասպատակութեան իբր հետեւանք, 200 զոհեր ունեցած էինք:
Մօտիկ անցեալի պատմութեան, մանաւանդ անցնող երեք տարիներու փորձանաւոր իրադարձութիւններէն թելադրուած, նաեւ մեր ազգի ընդհանրական ապագային նկատմամբ յստակ պատկերացում կազմելու եւ կողմնորոշում որդեգրելու նպատակով, Հ.Բ.Ը.Մ.ը կազմակերպեց խորհրդաժողովներու շարք մը, մասնակից դարձնելով Միութեան աշխարհատարած շրջանակները եւ մասնաճիւղերը, նաեւ հմուտ մասնագէտներ եւ փորձագէտներ:
Այս խորհրդաժողովներու ընթացքին մասնակիցները արտայայտեցին իրենց տեսակէտները հայ համայնքներու ներկայ իրադրութեան շուրջ, յատկապէս արժեւորելով թէ այսօրուան աշխարհաքաղաքական, ճարտարարուեստի եւ սերնդափոխութեան զարգացումներու լոյսին տակ, որքանով իրենց գործելակերպը, ակնկալութիւնները եւ շրջանային կարիքները, համապատասխան էին Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութեան:
Այս խորհրդաժողովները, որոնք պիտի շարունակուին նաեւ 2023-ի ընթացքին, պիտի յանգին Միութեան գործընթացի վերարժեւորումին, վերուղղման եւ անոր վերադիրքաւորումին, համապատասխան փոխուող աշխարհի պահանջներուն: Այս անկեղծ քննարկումներէն բխող եզրակացութիւնները ուղղութիւն պիտի տան Միութեան նոր առաջնահերթութիւններու ճշդումին եւ ռազմավարութեան մշակումին, որ հիմնական արժէքներու պահպանումով, նաեւ համապատասխան ճիշդ միջոցներու եւ գործիքակազմի գործադրութեամբ, կարելի պիտի դարձնեն ապագայ բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներու դիմագրաւումը եւ ներկայացող առիթներու արդիւնաւորումը:
Այս նպատակով, Հ.Բ.Ը.Մ.ը մեկնարկեց ԱՊՐԻ (APRI) Կիռարական Քաղաքականութեան Հետազօտման Կեդրոնի ծրագիրը, որուն գործունէութիւնը ուղղուած է սատարելու շրջանային կայունութեան, կայուն բարգաւաճումի եւ խնդիրներու ճշգրիտ եւ գործնական լուծման: Կեդրոնի գործունէութիւնը ուղղուած է կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ մարտահրաւէրներու դիմակալումին, արդիւնաւորելու համար Հայաստանի կարողականութիւնը: Անիկա նաեւ կոչուած է ըլլալու ոչ բեւեռացուած անկախ հարթակ մը, ուր կարելի է իրականացնել համագործակցական եւ կառուցողական մօտեցումներ գործնական խնդիրներու շուրջ: ԱՊՐԻ-ն կիռարարական ուղղուածութիւն ունի, առաջնահերթ նպատակ ունենալով կարողութիւններու մշակումը, երկարաժամկէտ նախաձեռնութիւններու իրագործումին ուղղուած:
2020-ի Ացախեան Պատերազմի սկիզբին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած 18 դրամաշնորհները, որոնք ուղղուած էին Արցախի մասին ուսումնասիրական աշխատանքներու խթանումին, մասնագիտական շրջանակները եւ հանրութիւնը իրազեկելու համար տարածաշրջանի պատմութեան, մշակոյթին եւ առկայ խնդիրներուն շուրջ, ունեցան իրենց օգտակար արդիւնքը, այժմէական եւ արժանահաւատ հարուստ տուեալներու յայտնաբերումով եւ համապատասխան շրջանակներու մօտ անոնց տարածումով: Նոյն նպատակով դրամաշնորհներ տրամադրելի պիտի ըլլան նաեւ յառաջիկայ տարեշրջանին:
Այս նախաձեռնութիւնները կը վկայեն տեղեկատուական, ուսումնասիրական, հետազօտական, վերլուծական եւ արժանահաւատ աղբիւրներու մատակարարման ուղղութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.ի կատարած արդիւնաւէտ աշխատանքներուն մասին: Հայաշխարհը չի կրնար անհաղորդ մնալ արագ փոխուող աշխարհի տեղաշարժերուն եւ տարածաշրջանային վերիվայրումներուն նկատմամբ: Վերջին տարիներու մեր դառն փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ անհրաժեշտ է մեզի համար շրջահայեաց ըլլալ եւ զգօն, արտաքին գործօններուն նկատմամբ, որոնք ի վերջոյ կ'ազդեն Հայաստանի ներքին բարօրութեան վրայ: Կարեւոր է նոյնպէս իրազեկ ըլլալ Հայաստանի ներքին ուժերու յարաբերակցութեան, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի պարագային, տրուած ըլլալով որ անոնք կրնան տկարացնել Հայաստանի կարողականութիւնը, եթէ առկայ չեն փոխադարձ յարգանքի եւ համագործակցութեան տրամադրութիւնները:
Մենք անշուշտ անմասն չմնացինք համավարակի պատճառով մատակարարման գործընթացի խափանման իբր արդիւնք՝ համաշխարհային գնաճի հետեւանքներէն: Միւս կողմէ, Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամը, իր առօրեայ բնոյթով, կը շարունակէ անորոշութեան մատնել Լիբանանի համայնքները, արգելակելով անոնց ապագայի հեռանկարները: Ուքրանիոյ պատերազմը իր կարգին, ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ համաշխարհային շուկաներուն վրայ, իսկ Ռուս ներգաղթողներու հոսքին պատճառով, Հայաստանի մէջ վարձակալական գիները անհամեմատ աճ արձանագրեցին:
Անցնող տագնապալի տարիներէն անհրաժեշտ է դասեր քաղել ապագային համար: Բայց եւ այնպէս պէտք է առաջ երթանք լաւատեսութեամբ, որովհետեւ ունինք մարդուժի եւ ճարտարագիտական առաւելութիւններ, դիմագրաւելու ծանր մարտահրաւէրներ եւ ստեղծելու առիթներ: Ունինք նաեւ լաւատեղեակ, պատրաստուած, կարող, կազմակերպ փորձագէտներու, առաջնորդներու, կամաւորներու, գործընկերներու եւ բարերարներու լայն ցանց մը:
Կրնանք վստահօրէն հաստատել, թէ իւրաքանչիւր հայ, աշխարհի մէջ որեւէ տեղ, կրնայ իր մասնակցութիւնը բերել, մեր ժողովուրդի, երկրի եւ մշակութային ինքնութեան ձեւաւորումին մէջ: Բարեբախտաբար այդ ուղղութեամբ ստեղծուած նախընթացը 2022-ին, ակնյայտ է, հայ աշխարհի տարածքին, աշխատելու եւ նուիրաբերելու պատրաստակամութեան վերաշխուժացումով:
Միշտ գիտակից, թէ անորոշ ժամանակներու մէջ կ'ապրինք, Հ.Բ.Ը.Մ.ը յանձնառու կը մնայ իր առաքելութեան ծիրէն ներս նոր նախաձեռնութիւններ եւ ծրագիրներ իրականացնելու, պատրաստ դիմագրաւելու եւ լուծումներ գտնելու մեր համայնքները եւ ընդհանրապէս հայութիւնը յուզող առկայ եւ յետագայ խնդիրներուն:
Այս առթիւ ես կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր բարերարներուն, բարեկամներուն, գործընկեր կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի համընդհանուր համայնքին մաս կազմող շրջանակներուն, մասնաճիւղերուն, նուիրեալ կամաւորներուն եւ պաշտօնէութեան:
Միայն հաւաքական ուժերով պիտի կարենանք դիմագրաւել մեր դէմ ցցուող յետագայ մարտահրաւէրները եւ արդիւնաւորել ներկայացող բոլոր առիթները: Ինչպէս միշտ, շնորհակալ ենք ձեր բոլորին նուիրեալ ծառայութեան համար եւ կը փոխանցենք առողջութեան եւ երջանկութեան մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները, Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով:
Պերճ Սեդրակեան
Նախագահ