January 13, 2020
A- A+
read

Congratulatory Letter to his Beatitude Archbishop Sahag II Mashalian, on the Occasion of his Enthronization to the Armenian Patriarchate of Istanbul

Today President Berge Setrakian sent a congratulatory letter and well wishes to his Beatitude Archbishop Sahag II Mashalian, on the occasion of his enthronization to the Armenian Patriarchate of Istanbul. In the letter Mr. Setrakian expresses on behalf of the Central Board of Directors of AGBU his pleasure for the Patriarch’s enthronization, emphasizes the spiritual and historical significance of the Patriarchate for the Armenian Apostolic Church and the nation, asserts AGBU’s support, wishing His Beatitude success in his spiritual leadership of the Armenian community in Turkey.


 

 13 Յունուար 2020

Նորին Ամենապատուութիւն
Տէր Սահակ Բ. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան
Պատրիարք Պոլսոյ Հայոց
Թուրքիա

Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայր,

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչական Ժողովին անունով եւ անձնապէս, մեր գոհունակութիւնը կը յայտնենք եւ մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք ձեզի, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ձեր գահակալութեան առիթով:

Կը գիտակցինք այն ծանր պատասխանատուութեան եւ բազմաթիւ խնդիրներուն զորոնք կը դիմագրաւէ Պատրիարքութիւնը:  Համոզուած ենք, որ դուք ձեր հոգեւոր արժանիքները  եւ հովուական ձեր հոգածութիւնը ի գործ պիտի դնէք, որպէսզի գահակալութեան ձեր շրջանը յաջող եւ արդիւնաբեր ըլլայ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան համար:

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին եւ մեր ժողովուրդին համար, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը, որպէս նուիրապետական աթոռ եւ պատմական կառոյց, էական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, համայնքային թէ ազգային առումներով:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, նախանձախնդիր մեր համայնքներու բարօրութեան եւ ազգային ժառանգութիւններու պահպանումին ու բարգաւաճումին, խոր յարգանքով եւ հոգածութեամբ կը վերաբերի Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան նկատմամբ:

Այս առթիւ, կը հաւաստիացնենք մեր զօրակցութիւնը ձեզի եւ մեր աշխարհատարած անդամակցութեան անունով կ'ողջունենք ձեզ եւ ձեզի կը փոխանցենք առողջութեան, արեւշատութեան եւ յաջողութեան մեր սրտագին մաղթանքները, ի պայծառութիւն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան եւ ի պարծանք մեր ազգին:

Յարգանքներով՝

Պերճ Սեդրակեան
Նախագահ

Please note that archived content may appear distorted as it has been stripped of formatting and original images.