August 15, 2023
A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ԿԻԶԱԿԷՏ ՄԱՏՐԻՏ 2023 -Ի ԽՏԱՑԵԱԼ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԸ ՅԱՏԿԱՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՐԴԻՒՆԱՇԱՏ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎՆԵՐՈՎ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ՍԵՐՏԱՑՄԱՆԲ

  • Image
    International motivational speaker Joze Piranian explores conquering fears at the FOCUS 2023 all day conference.
    Միջազգային ոգեշնչող բանախօս Խօսէ Փիրանեան կը խօսի անձնական վախը յաղթահարելու կարեւորութեան մասին
  • Image
    Cellist Hayk Sukiasyan performs for guests at Focus on Art.
    Թաւ ջութակահար Հայկ Սուքիասեան կը նուագէ Կիզակէտ Արուեստի ձեռնարկի հիւրերուն համար
  • Image
    AGBU YP Network Manager Christina Lalama presents an overview of AGBU history at the all-day conference.
    Հ.Բ.Ը.Մ.ի Միօրեայ ժողովին Երիտասարդ Արհեստավարժներու Վարիչ Քրիսթինա Լալամա ընդհանուր ակնարկ մը կը ներկայացնէ Միութեան պատմութեան մասին
  • Image
    Perspectives panel discussion at the Fundación Francisco Giner.
    «Հեռանկարներ» Ասուլիս Ֆունտասիոն Ֆրանսիսքօ Ճինէր-ի մէջ
  • Image
    Perspectives organizers and speakers: Davit Baghdasaryan, Aimee Keushguerian, Arman Kazanjian, Yeva Hyusyan, Diran Guiliguian, Nanor Demirjian, and Levón Grigorián Keheaián.
    «Հեռանկարներ» ասուլիսի մասնակիցներ Եւա Հիւսեան, Էյմի Քէօշկէրեան, Դաւիթ Պաղտասարեան, Տիրան Կիլիկեան (համադրող) եւ Լեւոն Կիլիկեան (Հայատան Ձեռնարկութիւն)
  • Image
    Eager audience members ask thought-provoking questions during the AGBU Noubar Nazarian YP Innovators Fund (NNIF) pitch battle.
    Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նուպար Նազարեան Երիտասարդ Արհեստավարժներու Նորարարական Հիմնադրամի Մրցանք
  • Image
    Armenian-themed dancers choreographed by Emma Melikyan take the stage at Focus on Art.
    Կիզակէտ Արուեստի յայտագրի ընթացքին Հայկական պարի ելոյթ պարուսոյց Էմմա Մէլիքեանի ղեկավարութեամբ
  • Image
    YP Madrid Committee Members (Back Row): Levón Grigorián Keheaián, Diran Guiliguian (chair), Arman Yeghiazaryan, Arman Kazanjian Fraile (Front Row) Paloma Yessayan Villalobos, Arpine Hakobyan, Anna Baghdasaryan, Sofia Mazkedian, Luiza Grigoryan Ghimoyan, Anahit Margaryan, Yeranuhi Hovhannisian, Elen Poghosyan (Not pictured) Jan Hanna Der Khorenian, Nanor Demirjian.
    Մատրիտի Երիտասարդ Արհեստավարժներու Յանձնախումբի անդամներ Տիրան Կիլիկեան (Ատենապետ), Աննա Պաղտասարեան, Նանօր Տէմիրճեան, Լեւոն Գրիգորեան Ղիմոյեան, Արփինէ Յակոբեան, Եան Հաննա Տէր Խորէնեան
  • Image
    FOCUS Gala guests enjoyed a flamenco-duduk performance by Lori La Armenia, vocalist Alberto García, and musician Artyom Minasyan at the Palacio de Aldovea.
    Ֆլամէնքօ-Տուտուկ ելոյթ կատարողութեամբ Լօրի Լա Արմէնիայի, երգիչ Ալպէրթօ Կարսիա եւ երաժիշտ Արտիոմ Մինասեան

Չորս տարիներու ակնդէտ սպասումէ ետք, 25 երկիրներէ մօտ 500 երիտասարդ արհեստավարժներ հաւաքուած էին Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի ԿԻԶԱԿԷՏ ձեռնարկին մասնակցելու համար: Քառօրեայ համագումարը առիթ հանդիսացաւ միաւորելու եւ ընդլայնելու Երիտասարդ Արհեստավարժներու շարժումը, բազմաբնոյթ դիմագիծով ծանօթ Մատրիտ քաղաքի առոյգ մթնոլորտին մէջ, ուրկէ անոնք բաժնուեցան հարուստ յիշատակներով, մտերիմ բարեկամութիւններով  եւ նոր հեռանկարներով:

Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ԿԻԶԱԿԷՏ 2023-ը կը նպատակադրէր առիթ ստեղծել որպէսզի հայ երիտասարդներ վերադառնան իրենց արմատներուն՝ ամբողջական ըմբռնումով:  Ասիկա անշուշտ իւրայատուկ առիթ մըն էր հայ տաղանդներու համար, կազմաւորուած աշխարհի չորս ծագերուն, հանդիպելու նոր դէմքերու, ընդարձակելու իրենց ընկերային ցանցերը, մասնակցելու լուրջ քննարկումներու, ծանօթանալու Հ.Բ.Ը.Մ.ի համաշխարհային ծրագիրներուն եւ հպարտ զգալու իրենց հայկական  իւրայատուկ լայն աշխարհահայեացքով:

Համագումարի ճոխ յայտագիրը ծրագրուած էր Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մատրիտի Երիտասարդ Արհեստավարժներուն կողմէ, միութեան կեդրոնական գրասենեակին գործակցութեամբ: Աշխատանքային հանդիպումներու, խորհրդաժողովներու, ասուլիսներու առընթեր, մշակութային եւ ճաշատեսակներու ծանօթացման շրջայցերով, տեսարժան վայրերու եւ պատմական կայքերու տրուած այցելութիւններով, մասնակիցները առիթ ունեցան գնահատելու հայ թէ սպանական մշակոյթի տարրեր, որոնք յատուկ են կենսայորդ այս քաղաքին, ուր պատմականն ու արդիականը ներդաշնակօրէն շաղախուած են իրարու:

Կիզակէտ-ի երկամեայ համագումարներու նախաձեռնութիւնը, որ կը շարունակէ գործել քսան տարիներէ ի վեր, ամէն անգամ իր գոյացուցած գումարները կը յատկացնէ իւրայատուկ ծրագրի մը կամ հիմնարկի մը որպէս աջակցութիւն:  Անոր գլխաւոր նպատակը անշուշտ, երիտասարդ արհեստավարժներու համար հանդիպման հարթակ մը ստեղծել է ուր անոնք կրնան միտքերու եւ գաղափարներու ազատ եւ աշխոյժ փոխանակումներ ունենալ, ապագայի ուղղուած նախաձեռնութիւններու համար:  Առաջադրուած նիւթերը թելադրուած կ'ըլլան մասնակիցներու բնոյթին եւ հետաքրքրութիւններուն հիման վրայ:  Այս տարուան գլխաւոր նիւթը հասարակաց մշկոյթի գնահատումին կողքին,  Հայաստանն էր, որպէս արհեստավարժութեան զարգացման, համակեցութեան եւ բազմակարծութեան կենսաոլորտ եւ իտէալական շրջապատ:

Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ԿԻԶԱԿԷՏ -ի Մատրիտի  Ատենապետ Տիրան Կիլիկեան իր բարեգալուստի խօսքին մէջ հրաւիրեց մասնակիցները սերտացնելու իրենց կապերը, ներշնչուած տեղական թէ համընդհանուր մակարդակներու վրայ գործելու ոգիով:  Ան դիտարկեց նաեւ, թէ 2020-ի Արցախեան պատերազմին եւ անոր ծանր հետեւանքներուն բերումով ստեղծուած նոր իրադրութիւնը համապատասխան գիտակցութիւն, մօտեցումներ, համակագուած աշխատանք եւ առաջնորդութիւն, նաեւ ինքնութեան նոր ըմբռնում կը թելադրէր:

Հեռանկարներու Որոնում

Այս տարուան հանդիպումներու պաշտօնական մեկնարկը տեղի ունեցաւ Ֆունտասիոն Ֆրանսիսքօ Ճինէր (Fundación Franciso Giner) արդիական ամփիթէաթրին մէջ:  Ծրագրին նպատակն էր սերտել Հայաստանի ապագայ կարելիութիւնները եւ թէ ինչպէս աշխարհի տարածքին արհեստավարժ երիտասարդներ կրնան իրենց ասպարէզներուն առնչել զանոնք:  Քնարկումը կը վարէր Տիրան Կիլիկեան «Հայասան՝ Պարտաւորութենէ Հնարաւորութիւն» խորագրով:  Ան ուրուագծեց թէ ինչպէս կարելի է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գտնուող արհեստավարժական հմտութիւնները եւ հնարաւորութիւնները օգտագործել ի նպաստ մասնագիտական զարգացման:

Սպանիոյ մէջ Ձեռնարկութիւն Հայաստան (Enterprise Armenia) կազմակերպութեան ներկայացուցիչ եւ Մատրիտի Երիտասարդ Արհեստավարժներու վարիչ մարմնի անդամ Լեւոն Գրիգորեան բացատրեց թէ ինչպէս կարելի է Հայաստանը որպէս հեռանկարային խոստմնալից երկիր ներկայացնել ներդնողներուն:  Ան ընդգծեց Հայաստանի աշխարհագրական դիրքի առաւելութիւնը որպէս Ասիան Եւրոպային կապող կենսական կամուրջ:  Նոյնպէս իբր յաւելեալ գրաւչութեան ազդակներ՝ ան մատնանշեց Հայրենադարձութեան արդիւնք Հայաստանի մէջ բազմացող տաղանդներու երեւոյթը, Համախառն Ներքին Արդիւնաբերութեան աճը, նոյնիսկ 2020-ի պատերազմի ընթացքին, ինչպէս նաեւ ցած շահատուրքերու դրութիւնը:

Քննարկումի մասնակիցներն էին՝ Զուլալ Գինիներ-ու հիմնադիր եւ սեփականատէր եւ Քէօշ Գինեգործական հիմնարկ-ի (Keosh Wineworks) տնօրէն Էյմի Քէօշկէրեան, Քրիսփ-ի (Krisp) Համահիմնադիր եւ Գխաւոր Գործադիր Տնօրէն (CEO) Դաւիթ Պաղտասարեան եւ ծրագրաւորումի Ինքնուսուցում  (Sololearn) ընկերութեան համահիմնադիր եւ Գլխաւոր Գործադիր Տնօրէն Եւա Հիւսեան: Անոնք անդրադարձան սահմանամերձ գիւղերու խաղողներէն պատրաստուած իւրայատուկ գինիներուն, առեւտրական շահաբեր նախաձեռնութիւններու համար Հայաստանի ճարտարագիտական հզօրացող մարզի ընձեռած կարելիութիւններուն: Անոնք դրական ազդեցութիւն ունին հանրային կեանքին վրայ եւ ճարտարագիտական մարզի աշխոյժ ոգին եւ արժէքները միաւորելով հայկական բնածին յատկութիւններուն, տնտեսական աճի իւրայատուկ մթնոլորտ կը ձեւաւորեն:  Հայաստանի հետ արհեստավարժական կապերու ստեղծումը տիրապետող միտքն էր:

Առաջնորդող Դերի Ստանձնում

Անցնող քանի մը տարիներու հեռավար (Zoom) հանդիպումներէն եւ խորհրդակցութիւններէն ետք ֆիզիքապէս հանդիպելու այս առիթը ի մի կը բերէր Հ.Բ.Ը.Մ.ի Երիտասարդ Արհեստավարժներու մօտ 50 ատենապետներ եւ վարչական անդամներ, առիթ ստեղծելով Երիասարդ Արհեստավարժներու ցանցի զարգացման ինչպէս նաեւ նոր նպատակակէտերու եւ մարտավարութեան քննարկումին համար:  Ցիւրիխէն, Լիբանանէն, Հայաստանէն, Պոստոնէն եւ աշխարհի այլ կողմերէն հաւաքուած Երիտասարդ Արհեստավարժները Համագործակցութեան, Հաղորդակցութեան, Համակարգումի եւ Մասնակցութեան գաղափարներուն  վրայ կեդրոնացնելով իրենց մտածումները, (Four C’s of Collaboration, Communication, Coordination and Contribution) ձեւաւորեցին շաբաթավերջի եւ յառաջիկայ տարուան իրենց ծրագրային խորհրդածութիւնները:

Յաջորդ օրը Երիտասարդ Արհեստավարժներու 50 ղեկավարներուն միացան հարիւրաւոր հիւրերը Կիզակէտ Մատրիտ-ի համագումարը դարձնելով ցարդ ամենաբազմամարդը՝ 250 մասնակիցներով:  Աւստրալիայէն Հայաստան, Ուրուկուէյէն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, աշխարհի տարբեր շրջաններէն եկած մասնակիցներ, Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի ԿԻԶԱԿԷՏ-ի Հիմնադիր Ատենապետ Անի Մանուկեանի ղեկավարութեամբ, աշխոյժ երկխօսութիւններով իրազեկ դարձան համակեցութեան, արժեւորումի եւ հետեւողական ըլլալու կարեւորութեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութեան փիլիսոփայութենէն բխող  սկզբունքներու ծիրին մէջ: Անոնք ծանօթացան այն գործելաոճին, որով միութեան ղեկավարութիւնը խորհրդաժողովներու եւ համագումարներու միջոցաւ վերահասու կը դառնայ շրջանակներու կարիքներուն, հետաքրքրութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն, համապատասխան ծրագիրներ մշակելու համար:  Այդ ծրագիրները  մասնակցութեան առիթներ կը ստեղծեն Երաիտասարդ Արհեստավարժներուն եւ անդամակցութեան համար:  

«Մենք այստեղ համախմբուած ենք կեանքի տարբեր ոլորտներէ:  Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք իւրայատուկ ձեւով կը բնութագրէ:  Հայ ինքնութիւնը պէտք չէ սահմանափակել, այլ ընդհակառակը անհրաժեշտ է լայն ընդգրկում ցուցաբերել ընդունելով ամէն անձ որ ինքզինք հայ կը նկատէ:  Կարեւորութիւն չունի թէ անձը 1/8-րդ հայ է, ընտրութեամբ հայ է թէ հայու հետ ամուսնացած է, ան հայ է: Մենք շատ սակաւաթիւ ենք այլ կերպ մտածելու համար:»   Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն ըսելով՝ «Ձեր վարմունքով համակեցութեան դեսպաններ եղէք:»  Ան նաեւ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հ.Բ.Ը.Մ.ի Պաշտօնաթերթի վերջին թիւին վրայ, որ նուիրուած էր Սփիւռքի Նոր Քաղաքացի-ին: Այնտեղ՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ի ընկալուն աշխարհահայեացքով բազմաթիւ գեղեցիկ դիմաստուէրներ եւ կենսափորձեր կը յայտնաբերուէին:

Համագումարը առիթ հանդիսացաւ ներ-հայեցողութեան եւ զգացումներու փոխադարձ դրսեւորումներու, ի յայտ բերելով երիտասարդ արհեստավարժնրու այս սերունդի ձգտումները եւ թէ ինչպիսի ձեռքբերումներ կը յուսան իրականացնել անոնք առանձնապէս կամ որպէս  հաւաքականութիւն: Յորդանանէն Հայկ Եկարեան խօսելով իր փորձառութեան մասին ըսաւ՝ «Երբ հոս գալ որոշեցի, Յորդանանի մէջ շատ հայեր չէի ճանչնար ես: Սակայն ներշնչուած այս խորհրդակցութիւններէն, երբ վերադառնամ, կը ծրագրեմ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Երիտասարդ Արեստավարժներու խումբ մը կազմակերպել եւ գործօն մասնակցութիւն բերել:»

Նախաձեռնութիւն եւ Ոգեշնչում

ԿԻԶԱԿԷՏ-ի համագումարի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ. Նուպար Նազարեան Երիտասարդ Նորարար Արհեստավարժներու Հիմնադրամ-ի դրամաշնորհային մրցանքը:  Ասիկա Նուպար Նազարեան դրամաշնորհի երկրորդ մրցանքն էր: Հիմնադրամը ստեղծուած էր 2017-ին, ի յիշատակ բարերար Նուպար Նազարեանին, քաջալերելու համար առեւտրական եւ համայնքային նորարար ծրագիրներու մշակումը:  Մրցանքի շահողները դրամաշնորհեր կը ստանան գործադրելու եւ զարգացնելու համար իրենց մշակած ծրագիրները: 2019-ի առաջին մրցանակակիրն էր Ռուբէն Կուլասըզեան, որուն Փոքր Հայաստաններ ծրագիրը որ աշխարհի տարածքին հայկական համայնքներ ուսումնասիրող եւ ծանօթացնող ուզեցոյց մըն էր, որ եւ յետագային առցանց իր տարբերակով մեծ տարածում ստացաւ եւ հետեւորդներու ծաւալուն զանգուած մը ունի:

Այս տարուան մրցանքին ներկայացուած ծրագիրներն էին՝ Սպանական-Հայկական Համալսարանային Հարթակ-ի ծրագիրը Սպանիայէն՝ Անահիտ Մարգարեանի կողմէ, Մասիս Ֆիլմերու Տարածման Ընկերութեան ծրագիրը Պէլճիքայէն՝ Էտիսըն եւ Լենա Չաթչաթըրեաններու կողմէ եւ հայկական աւանդութիւններու եւ պատմութեան պահպանման նուիրուած համակարգչային հարթակ մը: Յաղթողներն էին «Նէնէյին Հետ Եփել»-ու (“Cooking with Nene”) ծրագիրի հեղինակները՝ Լենա Թաշճեան (Գանատա), Արփինէ Քոզմանեան (Իտալիա) եւ Գոհար Խաչատրեան (Հայաստան): Արդիւնքները յայտարարուեցան յաջորդ երեկոյեան տեղի ունեցած շքահանդէսի ընթացքին:  Անոնք 20,000 ամերիկեան տոլարի գումար մը պիտի ստանան երկու տարիներու ընթացքին, մշակելու եւ մեկնարկելու համար առցանց խոհագիրերու ուսուցողական ծրագիր մը, որ հայ մայրերու աւանդական ճաշատեսակներ կը ներկայացնէ, անոնց ծագումին եւ յարակից աւանդութիւններու պատումներով, որոնք դարերու ընթացքին ձեւաւորած են հայկական ինքնութիւնը:

Համագումարի յիշատակելի դրուաքներէն էր Հ.Բ.Ը.Մ.ի շրջանաւարտ եւ ոգեշնչող ելոյթներու համաշխարհային համբաւ շահած պատգամախօս Խօսէ  Փիրանեանի ելոյթը:  Յաղթահարելով թոթովախօսութեան իր բնածին թերութիւնը ան այժմ ելոյթներ կ'ունենայ յայտնի շրջանակներու մէջ, ինչպէս Էֆ Պի Այի (Դաշնակցային Հետախուզական Գրասենեակ) եւ Կուկըլի (Google), նաեւ կրթական եւ առեւտրկան հաստտութիւններու եւ խումբերու համար, իր դասախօսութիւնները վերածելով անձնական վախերու յաղթահարումին, տոկունութեան մշակումին եւ ներուժի արդիւնաւորումին ուղղուած շարժումի մը:  Ան քաջալերեց ներկաները յայտնաբերելու զիրենք կաշկանդող «Թոթովութիւններ»ը, որոնք կրնային արգելք ըլլալ իրենց յառաջդիմութեան եւ այդիսով բազմապատկել յաջողութեան իրենց կարելիութիւնները:

Մշակոյթ եւ Միաձուլում

Կիզակէտ -ի մասնակիցները հայ եւ սպանական մշակոյթներու համադրումին փորձառութիւնը ունեցան ծրագրուած շրջայցերով, որոնց ընթացքին անոնք ծանօթացան Մատրիտի շարք մը մշկութային կառոյցներուն եւ յայտնաբերեցին հայկական հետքեր: Մատրիտի Երիտասարդ Արհեստավարժներու բծախնդրութեամբ ծրագրուած յայտագիտները, կ'ընդգծէին զոյգ մշակոյթներու բազմազանութիւնը եւ գեղեցկութիւնը: Անոնք ծանօթացան Մատրիտի ոչ բոլորին ծանօթ մշակութային գոհարներու ինչպէս նաեւ Ֆլամէնքօ  պարարուեստին, ֆրանսահայ արհեստավարժ Լօրի Լա Արմէնիայի միջոցաւ, որ դասապահեր վարեց տարբեր լեզուներով:  Իսկ Կիզակէտ Արուեստի բազմաբնոյթ ձեռնարկը որ տեղի ունեցաւ Էսբասօ Րասդրօ  Մատրիտ-ի մէջ, նուիրուած Հայկական արուեստի, երաժշտութեան, պարի, նկարչութեան եւ ճաշատեսակներու, ներկաներուն համար ամբողջական վայելք էր անկասկած:

Կիլիկեանի վկայութեամբ, «Մատրիտը իր աշխարհաքաղաքական բնոյթով եւ բազմազանութեամբ յատկանշուող այն քաղաքն է, ուր կրնաք արտայայտել ձեր հայկական ինքնութիւնը, նաեւ սպանական տեսադաշտին միջոցաւ  ընդլայնել ձեր աշխարհահայեացքը: Ասիկա շնորհիւ Մատրիտի Երիտասարդ Արհեստավարժներու հիւրընկալ յանձնախումբին կողմէ ծրագրուած հանճարեղ յայտագրին:» Այդ յանձնախումբի անդամներն են՝ Աննա Պաղտասարեան, Նանոր Տէմիրճեան, Լեւոն Գիրիգորեան Քէհեայեան, Լուիզա Գրիգորեան Ղիմոյեան, Արփինէ Յակոբեան, Եան Հաննա Տէր Խորէնեան, Արման Գազանճեան Ֆրայ, Անահիտ Մարգարեան, Սոֆիա Մազքէտեա, Էլէն Պօղոսեան, Արման Եղեազարեան եւ Փալօմա Եսայեան Վիլլալոպոս:

Միաձուլումը եւ հպարտութիւնը իրենց լիակատար դրսեւորումը ունեցան անկասկած շքահանդէսի ընթացքին, որ իր փայլքով եւ շքեղութեամբ արդարացուց բոլոր ակնկալութիւնները, Փալազիօ Տէ Ալտովէայի մէջ, որ 17-րդ դարու փառահեղ պալատ մըն է, Ֆինքա Ալտովէա տէ Սան Ֆէրնանտօ Տէ Հանէրասի մէջ: Սպանական երգերու եւ պարերու կշռոյթը եւ զայն հաւասարակշռող տուտուկի հարազատ մեղեդին միախառնուած, հիւրերուն առիթ ընձեռեցին լիովին ըմբոշխնելու սպանահայ համայնքի հիւրընկալութեան գեղեցկութիւնը եւ անոր բազմակողմանի բնոյթը:

Շքահանդէսի գագաթնակէտին, յայտարարուեցաւ թէ Հայաստանի եւԱրցախի ի նպաստ հանգանակութենէն գոյացած էր 110,000 ամերիկեան տոլարի գումար մը, որ պիտի յատկացուէր Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կանանց Հզօրացման ծրագրին:  Այդ ծրագիրը առիթ կ'ընձեռէ Հայաստանի եւ Արցախի կիներուն, իրականացնելու տնտեսապէս անկախ ըլլալու իրենց երազը:  Հինգերորդ տարին ըլլալով, այս բազմակողմանի ծրագիրը կարելութիւն կը ստեղծէ կանանց համար փոքր գործարարական նախաձեռնութիւններ սկսելու կամ ընդարձակելու իրենց արդէն իսկ գործող ծրագիրները, կամ զարգացնելով իրենց գիտելիքները, իրենց համար գործարքներ սկսելու առեւտրական մարզի մէջ, Հայաստանի ճարտրագիտական հմտութիւններու զարգացող ասպարէզէն ներս: Աջակցելու համար այս ծրագրին, կրնաք օգտագործել agbu.org/women-entrepreneurs կայքէջը:

Մինչ շաբաթավերջը հասած է իր աւարտին, անոր առթած եռանդը կը շարունակուի մասնակիցներուն միջեւ ստեղծուած կապերով եւ կամուրջներով: «Ես կը գնահատեմ այն կապերը որոնք ստեղծեցի ԿԻԶԱԿԷՏԻ ընթացքին, որովհետեւ հիմա գիտեմ թէ ուր որ ճամբորդեմ, պիտի կարենամ գտնել ինծի ծանօթ հայ համայնք մը:» կը վկայէր մասնակիցներէն մին: Ուրիշ մը կը հաստատէր, թէ «Ես կը վերադառնամ ինծի հետ տանելով այն անկեղծութիւնը եւ եռանդը որ գտայ հոս, որով խանդավառ եմ զայն բաժնելու իմ տեղական շրջանակիս հետ:  Անհամբեր եմ գործակցելու այն անձերուն հետ որոնց ծանօթացայ ԿԻԶԱԿԷՏԻ ընթացքին:»