March 17, 2022
A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.ը Կանանց Միջազգային Օրը Կը Նշէ Խորքային Հարուստ Ցանցազրոյցներով Լիանան եւ Գանատա

17 մարտ, 2022

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի եւ Գանատայի շրջանակները, Կանանց Միջազգային Օրուան առիթով,  ցանցազրոյց կազմակերպած էին կիները յուզող խնդիրներու շուրջ, որոնք կը վերաբերէին սեռերու հաւասարութեան եւ համահաւասար արդար հատուցումի եւ անոնց արգելք հանդիսացող հանգամանքներուն: Ցանցազրոյցին կը մասնակցէին նիւթին հմուտ փորձագէտներ: Թէեւ քննարկումնրը կը կատարուէին աշխարհի տարբեր ծայրերուն, ընկերակենցաղային եւ տեսադաշտային տարբեր դրսեւորումներով, բայց եւ այնպէս ակնյայտ կը դառնար, որ աշխարհի տարածքին կիներ եւ աղջիկներ կը շարունակէին լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւել տարբեր բնագաւառներու մէջ, մտահոգ ըլլալով միշտ պահպանել իրենց ֆիզիքական ապահովութիւնը եւ բարօրութիւնը: 

Պէյրութ, Լիբանան  

21.րդ դարու կանանց խնդիրներուն շուրջ գիտակցական մակարդակը բարձրացնելու մտահոգութեամբ,  Լիբանանի մէջ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) Արաբ Կանանց Հիմնարկին (AiW) հետ համատեղ ցանցազրոյց մը կազմակերպեցին, «Սեռերու Հաւասարութեան եւ Բնապահպանման Խնդիրներու Շուրջ Միջ Սերնդական Երկխօսութիւնը Եւ Համագործակցութիւնը Զօրացնելու Անհրաժեշտութիւնը» խորագրով:  Տարբեր երկիրներէ 80 անձեր իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ցանցազրոյց/ցանցագումարին, որ տեղի ունեցաւ Կանանց Միջազգային Օրուան նախորդող Մարտի 7-ին:  

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Վարիչ Տնօրէն Սարին Ղազարեան, իր բացման խոսքին մէջ շեշտեց, որ Հ.Բ.Ը.Մ.ը զօրավիգ կը կանգնի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մարդկային Իրավանց, Կրթութեան,  Մթնոլորտի եւ Կայունութեան վերաբերեալ սկզբունքներուն: Իր կարգին, AiW-ի կողմէ Միրիըմ Սֆէյր լուսաբանեց Կանանց Հիմնարկի գործունէութիւնը ուղղուած միջ-մասնագիտական ուսումնասիրութիւններու, որոնք կը միտին գիտելիքներ յայտնաբերել եւ տարածել սեռերու վերաբերեալ խնդինրներու շուրջ, համագործակցաբար դիմագրաւելու համար կանանց ուղղուած բռնարարքները,  կարողութիւններու մշակումին նպաստող ծրագիրներ ստեղծել եւ քաջալերել քաղաքական եւ կազմակերպչական կեանքէն ներս կանանց մասնակցութիւնը:  

Բնապահպանման հարցերու վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրներու Լիբանանի խորհրդատու ղեկավար Վահագն Գապագեան, ցանցազրոյցի համակարգողն էր: Ան կեդրոնացաւ սեռերու եւ բնապահպանութեան փոխ-կապակցուածութեան երեւոյթին, Միջին Արեւելքէն եւ Հայաստանէն պարագաներ ներկայացնելով: Ան մատնանշեց թէ կարելի չէր բնապահպանութեան վերաբերեալ խնդիրնրը յաջողութեամբ դիմագրաւել, առանց գիտակցելու այդ ուղղութեամբ կանանց դերի կարեւորութեան:  

Առաջին քննարկումը կը վերաբերէր «Սեռերու Հաւասարութիւնը Այսօր, Ի խնդիր Կայուն Ապագայի» նիւթին: Ռազմավարական եւ Միջազգային Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնի (CSIS) Միջին Արեւելեան Ծրագիրներու երէց գիտաշխատող Նաթաշա Հոլ, խօսեցաւ բնապահապանման խնդիրներու մասին, 

յատկապէս Միջին-Արեւելքի անապահով երկիրներուն եւ համայնքներուն պարագային, ուր տիրող անկայունութեան եւ ներ-համայնքային խնդիրներու առկայութեան պատճառով բնապահպանութեան խնդիրները առաջնահերթ չեն: Հակառակ անոր, որ անոնք մեծապէս կ'ազդեն շրջանի ժողովուրդներու կեանքի որակին: Օդի ապականութեան պատճառով մահացողներու թիւը շարունակաբար կ'աճի:  Յատկապէս նկատի ունենալով որ բնապահպանութիւնը առաջնահերթ պէտք է ըլլայ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէին համար, ուր կը գտնուին ջուրի տագնապ ունեցող 17 երկիրներէն 12-ը:  

Հոլ մատնանշեց, թէ բնակչութեան աճը, արագընթաց քաղաքաշինութիւնը, կլիմայական փոփոխութիւնը եւ շրջանային վէճերը, աւելի եւս կը շեշտեն մթնոլորտի պահպանութեան առաջնահերթութիւնը:  Մատակարարման հարցերու վրայ կեդրոնանալով, աւելի եւս շեշտած կ'ըլլանք առողջ մթնոլորտի անհրաժեշտութիւնը: Դրական արդիւնքներէն առաւելաբար պիտի օգտուին կիները, որովհետեւ անոնք է որ աւելի շատ կը տուժեն անհրժեշտ ծառայութիւններու չգոյութենէն:  

Դոկտ. Քաթիա Ժէնայնաթի, Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) Արուեստներու եւ Գիտութեանց բաժնի տնօրէնը, շեշտեց թէ սեռային ինքնութիւնը մաս կը կազմէ անհատի կեանքի բոլոր երեսներուն եւ հետզհետէ ակնառու կը դառնայ, որ այդ իրականութիւնը շատ աւելի բազմաշերտ եւ բարդ է :  

Երկրորդ Նիստը կը վերաբերէր «Շրջանային առումով սեռերու եւ Կլիմայական Փոփոխութիւններու Յարաբերութեան եւ Յատուկ Պարագաներու Քննարկում»-ին: Նատին Ֆարաժալլա, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Իսամ Ֆարէս Հիմնարկի Մթնոլորտի եւ Կլիմայական Փոփոխութիւններու բաժնի տնօրէնը, խօսեցաւ սեռերու հաւասարութեան եւ կլիմայական փոփոխութիւններու հակադարձ փոխ-ազդեցութեան մասին: Երբ կլիմայական փոփոխութիւնը կ'արագանայ եւ մթնոլորտային վտանգները կը բազմանան, մանուկներու եւ կիներու պարագային հաւանական վտանգները աւելի շեշտակի կը դառնան:  

Շրջանային յատուկ պարագաներու մասին անդրադառնալով, Դոկտ. Մայա Նէհմէ, Լիբանանի Անտառներու Վերականգնման Հիմնարկի (LRI) տնօրէնը, լուսարձակի տակ առաւ, թէ ինչպէս կիներ Լիբանանի մէջ կ'օգնեն ժխտական հետեւանքները մեղմելու ճիգերուն: Լիբանանի մէջ կլիմայական փոփոխութիւնները կը յանգեցնեն կարճաժամկէտ առումով տեղումներու խտացման, իսկ երկարաժամկէտ առումով, երաշտի, ինչ որ աւելի եւս խոցելի կը դարձնէ կիները եւ երեխաները:  

Դոկտ. Իման Ապտըլազեմ, կլիմայական փոփոխութիւններու փորձագէտ եւ ատենապետ Համաշխարհային Մթնոլորտի Եւ Կլիմայական Փոփոխութիւններու Շուէտ-Իրաքեան Խորհուրդի Ուսումնասիրութիւններու Ցանցին, մասնաւորեց Եգիպտոսի գիւղական շրջաններու պարագան, որոնք խորապէս կ'ազդուին կլիմայական փոփոխութիւններէն, տրուած ըլլալով որ իրենց այրերուն կողքին կը մասնակցին երկրագործական աշխատանքներուն: Նկատի ունենալով ջերմաստիճանային ծայրահեղ փոփոխութիւնները շրջանին մէջ, մեծ վտանգներ կը սպառնան այդ մարզին: Եգիպտոսի կլիման շատ բազմազան է եւ իւրաքանչիւր շրջան տարբեր գործելակերպ եւ միջոցառում կ'ենթադրէ: Դոկտ. Ապտէլազեմ թելադրեց սեռերու յատուկ սկզբունքներ նկատի ունենալ տնտեսական զարգացման ծրագիրներու մշակումին կապակցութեամբ:  

Ամբողջական արձանագրութիւն 

Թորոնթօ, Գանատա  

Մարտ 8-ին, Թորոնթօ-ի Երիտասարդ արհեստավարժները զրոյց մը կազմակերպած էին, խումբ մը մտաւորական առաջնորդերու հետ, որոնք կարծիքներու փոխանակում ունեցան կանանց ուժեղացման եւ առաջնորդութեան նիւթին շուրջ:  

Քննարկումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին՝ Մէյրի Ներսէսեան Սահակեան, Սի Թի Վի Լուրերու Ունկնդիրներու Բազմացման եւ Մշակումի Բաժնի գործադիր անդամ, որ ընտրուած էր մասնակցելու Կանանց Առաջնորդութիւնը Յառաջ Մղող Առցանց Կազմակերպութեան, Շանէլ Թոսունեան, Ֆիլմի եւ Հեռատեսիլի Բաժնի աւարտական բաժնի ուսանող, որուն «Վեր Նայիր» վաւերագրական ժապաւէնը Նիւ Եորքի Ֆիլմերու փառատօնին մասնակցած էր, Թալին Ռոզմըրի Երամեան, Միջազգային Գործառարարկան Էքս Էնըրճի Կազմակերպութեան փոխ-տնօրէններէն, որուն «Քայլ Առ» գիրքը լայն ճանաչում գտած էր Գանատա եւ Ամերիկա, Այրերու կողմէ Ղեկավարուող Առեւտուրի Մարզին Մէջ Յաջողելու Բանալին նիւթով:  

Արծարծուած նիւթերուն լայն ծիրը կ'ընդգրկէր՝ գաղթականներու զաւակներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, Այրերու կողմէ տիրապետուող գործի ասպարէզներու մէջ աշխատելու խնդիրները,  մրցունակ մարզերու մէջ գործի եւ ընտանեկան կեանքի հաւասարակշռումի խնդիրները, Հայ կանանց տոկունութեան եւ կարողութիւններու իրականութեան լոյսին տակ, զօրակցութիւն մշակելու նպատակով: Քննարկումները կը վարէր Երիտասարդ Արհեստավարժներու խումբէն Սարին Գարճեան:  

Թորոնթօ-ի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Վարիչ Տնօրէն Սալբի Տէր Ղազարեանի վկայութեամբ, առցանց քննարկումները ընթացած էին աշխոյժ մթնոլորտի մէջ, տարբեր սերունդներէ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:  

Զրուցավար Սարին Գարճեան իր կարգին կը հաստատէր, թէ արտակարգ երեւոյթ էր նման խորաթափանց եւ խոհուն քննարկումներու իրականացումը, որ միաժամանակ կ'ընդգրկէր կանանց յանձնառութեան ոգին եւ հաստատակամութիւնը: 

Ձեռնարկի արձանագրութիւնը տրամադրելի է Ինսթակրամ-ի միջոցաւ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Երիտասարդ Արհեստավարժներու կայքէջին վրայ: