15 Ապրիլ 2023-ը յիշարժան երեկոյ մը հանդիսացաւ Փաթափութեաններու ընտանիքին համար, երբ 600 հիւրեր ներկայ գտնուեցան Beverly Wilshire պանդոկին մէջ՝ պաշտօնապէս շնորհաւորելու հայազգի առաջին Նոպելեան մրցանակակիր Դոկտ. Արտեմ Սարգիս Փաթափութեանը: Գիտնականը հռչակ ստացաւ զգայական կենսաբանութեան ոլորտէն ներս իր կատարած բեկումնային հետազօտութեան համար, որ միջազգային հանրութեան կողմէ կը նկատուի կենսական՝ հպումի, ցաւի, արեան ճնշումի բուժման մէջ:
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովը, ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Ափին հետ համատեղ, յարգանքի իր տուրքը մատուցեց նաեւ Դոկտ. Փաթափութեանի ծնողներուն՝ Սարգիս Փաթափութեանին, հաշուապահ եւ մեծանուն գրող, բանաստեղծ, թարգմանիչ, գրական անունով Սարգիս Վահագնին եւ վաստակաշատ կրթական մշակ, ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի Տեմիրճեան նախակրթարանի յատենի տնօրէնուհի Հայկուհի Աճեմեան-Փաթափութեանին, ուր իրենց երեք զաւակները ստացած են որակեալ կրթութիւն: ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան Միութեան «Նախագահի մրցանակը» յանձնեց Փաթափութեաններուն՝ առ ի գնահատանք գրականութեան եւ կրթական ասպարէզներէն ներս ամբողջ կեանք մը ՀԲԸՄ-ին եւ հայութեան մատուցած նուիրեալ ծառայութեան համար:
Կալան կայացաւ պատշաճ կերպով եւ զուգադիպեցաւ ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 117-րդ տարեդարձի օրուան: Ամբողջ երեկոյին ընթացքին տարբեր բանախօսներ նշեցին Միութեան դարաւոր առաքելութիւնը, որ կը հետապնդեն մասնաճիւղերն ու գրասենեակները աշխարհի տարածքին, նարառեալ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Ափը, որ կ'ընդգրկէ Քալիֆորնիան, Նեւատան, Արիզոնան եւ Թեքսասը:
Բազմաթիւ բարեմաղթանքներ յղողներու շարքին էին Քալիֆորնիա նահանգի Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոն, որ կը ներկայացնէ 23-րդ շրջանը, Լորա Ֆրիտմընը, Քալիֆորնիոյ Նահանգային ժողովի անդամ 44-րդ շրջանէն, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանը եւ տիկինը՝ Տայանան, 34-րդ շրջանէն, եւ Լոս Անճելըսի Քաղաքային խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրիգորեանը եւ ազնիւ տիկինը՝ Թամար: Շնորհաւորագիրեր ուղարկած էին Լոս Անճելըսի 5-րդ շրջանի Վերահսկիչ՝ Քեթրին Պարկըրը եւ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի անդամ Ատամ Շիֆը:
Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի հիւպատոսութեան հիւպատոս Նազելի Համբարձումեանը, նախկին գլխաւոր հիւպատոս՝ դեսպան Դոկտ.Արմէն Բայբուրդեանը եւ տիկինը՝ Իվէթ: Հիւրերուն մէջ յիշարժան էր տեսնել ներկայացուցիչներ Cal Tech-էն, ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու Համախմբումէն, ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ Արհեստավարժներէն, ինչպէս նաեւ կամաւորներ, սկաուտներ եւ ՀԲԸՄ-ի տարբեր ծրագիրներու մասնակիցներ՝ անցեալէն թէ ներկայէն:
Միջոցառումը
Բացման աղօթքը կատարեց եւ շնորհաւորական պատգամ ուղղեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան: Օրուան հանդիսավարներն էին Թամար Սինանեան-Նաաման եւ իրաւաբան Արա Ճ. Պալիքեան, որոնք յաջողութեամբ վարեցին օրուան յայտագիրը, որ սկսաւ ՀԲԸՄ-ի Լոս Անճելըսի երգչախումբին կողմէ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգներով: Տպաւորիչ էին լիբանանահայ երաժիշտ Կի Մանուկեանի եւ անոր նուագախումբին բացառիկ կատարումները: Միջազգայնօրէն հանրածանօթ երգահանն ու երաժիշտը, ֆիուժն երաժշտութեան վարպետը, միաձուլեց արեւելեան մեղեդիները ժամանակակից մշակումներու հետ՝ երեւան հանելով իսկապէս իւրաայատուկ փորձառութիւն մը:
Ընթրիքէն առաջ Դոկտ. Փաթափութեանի համար անակնկալ հանդիսացաւ, երբ խնդրեցին, որ բեմ բարձրանայ՝ ընդունելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ» շքանշանն ու Հայրապետական Կոնդակը, ձեռամբ Յովնան արքեպիսկոպոսին: Երկրորդ անակնկալը եղաւ, երբ կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ Դոկտ. Փաթափութեան ստացաւ իր երգիծանկարը պատրաստուած սուրիահայ տաղանդաւոր արուեստագէտ եւ երգիծանկարիչ Վրէժ Քասունիի կողմէ:
Ընթրիքէն ետք, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Դոկտ. Երուանդ Զօրեան պատիւը ունեցաւ ներկայացնելու Դոկտ. Փաթափութեանը եւ անոր յատկանշական նուաճումները: Ապա, յաջորդեց Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի շնորհաւորական խօսքը, ուր ան բարձր գնահատեց Դոկտ. Փաթափութեանը որպէս տիպար աշխարհաքաղաքացի եւ հպարտ հայ:
«Երբ բարի լուրը տարածուեցաւ աշխարհով մէկ, հայերը ամէն տեղ գլուխնին բարձր պահեցին եւ շատ աւելի հպարտօրէն: Եւ մեր ուրախութիւնը եկաւ թեթեւութեան զգացումով, որ լաւ բան մը կը պատահի հայաշխարհի մէջ մեր պատմութեան այլապէս ողբերգական այս շրջանին: Հիւանդութիւններու, աղէտներու եւ մահացու պատերազմներու դիմաց, Դոկտ. Փաթափութեանի յաղթանակը մեզի յիշեցուց, որ այս աշխարհին մէջ, անշուշտ, հայու ուղեղի բաւականաչափ ուժ կայ՝ օգնելու, լուծելու բազմաթիւ բարդ մարտահրաւէրներ, որոնք մենք կը դիմագրաւենք որպէս ժողովուրդ: Ահա թէ ինչու այդքան կարեւոր է, որ Դոկտ. Փաթափութեանը համաշխարհային քաղաքացիներէն մէկն է, որ նաեւ հպարտ հայ է»:
Ապա, իր խօսքը փոխանցեց պատուոյ հիւրը, շնորհակալութիւն յայտնելով ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Ափի շրջանակին եւ Կալա յանձնախումբին՝ համաատենապետուհիներ Նորա Ճանոյեան Պապիկեանին եւ Ալին Փաթաթեանին, որպէս հիւրընկալներ: Ան նշեց, թէ ՀԲԸՄ-ը ուրախութեան մեծ զգացում տուած է իրեն, երբ կը մեծնար Լիբանանի մէջ, թէ ինչպէս ինք, քոյրն ու եղբայրը յաճախած են ՀԲԸՄ-ի դպրոցներ եւ գրեթէ ամէն կէսօրէ ետքերը կ'անցընէր ՀԲԸՄ-ի ակումբներէն ներս: «ՀԲԸՄ-ի շնորհիւ մնացինք առողջ, եւ որ ամէնէն կարեւորն է, ինծի տուաւ հիանալի կրթութիւն եւ բացաւ ճանապարհը դառնալու գիտնական: Արդարեւ, այստեղ կանգնած եմ, որպէս ՀԲԸՄ-ի շատ հպարտ շրջանաւարտ»:
Դոկտ. Փաթափութեան նաեւ փոխանցեց մասնագիտական իր իմաստութիւնը եւ իր տեսակէտները յաջողութեան վերաբերեալ: «Իմ ամէնէն կարեւոր պատգամս ծնողներուն է, որ լաւագոյն կրթութիւնը տան երիտասարդութեան, բայց նոյն ատեն կը խնդրեմ, որ անոնց շնչելու առիթ տրուի՝ ուսումնասիրելու, ձախողելու, այո, ձախողելու: Եւ, վերջապէս, գտնելու համար իրենց սեփական կոչումը»:
Ան շարունակեց. «Աշխատանքէս ստացած գոհունակութիւնս ինծի աւելի քան բաւարար է: Ես այս կ'անուանեմ ներքին բաւարարուածութիւն: Բայց, անոր կողքին, ես բախտաւոր եմ, որ ստացած եմ վերջնական արտաքին վաւերացումը՝ Նոպելեան մրցանակը: Այս, անշուշտ թէ, փոխած է կեանքս տարբեր առումներով: Ինչպէս կը սիրեմ կատակել, հիմա մրցանակներ կը ստանամ մրցանակ ստանալուս շնորհիւ: Բայց զիս ամէնէն շատ կը յուզէ նախակրթարաններու հայ աշակերտներէ նամակներ ստանալս»:
Աջակցութիւն ՀԲԸՄ-ի Համաշխարհային Օգնութեան Հիմնադրամին
Երեկոյին հասոյթը պիտի յատկացուի ՀԲԸՄ-ի Համաշխարհային Օգնութեան Հիմնադրամին, որուն անդրադարձաւ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Երուանդ Տեմիրճեանը: Ցուցադրուած կարճ տեսանիւթը ցոյց տուաւ, որ միայն վերջին տասնամեակին ՀԲԸՄ-ը յաջողած է հասնիլ ճգնաժամի մէջ յայտնուած աւելի քան 250,000 հայերու, անոնց փոխանցելով մարդասիրական օգնութիւն, սկսելով Սուրիոյ հակամարտութիւններէն եւ Covid-19 համաճարակէն մինչեւ Պէյրութի պայթիւնը, Արցախի երկրորդ պատերազմը եւ վերջին շրջանին՝ Արցախի շրջափակումը, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած մեծ երկրաշաբժը եւ լիբանանահայութեան առջեւ ծառացած նիւթական երկարատեւ դժուարութիւնները:
ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդի ատենապհտ Վաչէ Մանուկեան եւ տիկինը՝ Թամար Մանուկեան մէկ միլիոն տոլար նուիրեցին Հիմնադրամին: Օրուան գլխաւոր բարերար Երուանդ Տեմիրճեանի կողքին, բարերարներ «Ճէք Մունուշեան բարեգործական հիմնադրամը» եւ Սինան եւ Անժէլ Սինաննեանները յիշատակուեցան իրենց կատարած ակնառու նուիրատուութիւններուն առ ի գնահատանք, աշխարհի չորս կողմէ կատարուած այլ նուիրատուութիւններու կողքին՝ իրականացնելով աւելի քան $1.6 միլիոն տոլարի հանգանակութիւն:
Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար ՀԲԸՄ-ի Համաշխարհային Օգնութեան Հիմնադրամի մասին, դիմել՝ agbu.org/global-relief: