January 17, 2025
A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մշակութային Կեդրոնը իր դռները կը բանայ Լոս Անճէլըսի Աղիտալի հրդէհին Պատճառով Տուժած Սահակ Մեսրոպ Հայկական Քրիստոնէական Վարժարանի Աշակերտութեան Համար

  • Image
    The complete destruction of Sahag Mesrob School after the fire
    Սահակ Մեսրոպ Վարժարանը ամբողջովին հրոյ ճարակ դարձած։

Լոս Անճէլըսի աղիտալի հրդէհին պատճառով քանդուած Սահակ Մեսրոպ Հայկական Քրիստոնէական Միջնակարգ Վարժարանի աշակերտները, Մանկապարտէզէն մինչեւ 8-րդ կարգ, առժամաբար պիտի փոխադրուին Հ.Բ.Ը.Մ.ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Մշակութային Կեդրոն: Կեդրոնը, որ Դպրոցէն միայն չորս մղոն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, վարժարանի  աշակերտութեան եւ շրջանակին համար պիտի ծառայէ որպէս ժամանակաւոր կայք յառաջիկայ ամիսներուն, միչեւ վարժարանի կառոյցին վերականգնումը: 

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, Միութեան արեւմտեան շրջանի ղեկավարութեան հետ համախորհուրդ, անմիջապէս որոշեց Կեդրոնը տրամադրել դպրոցի գործածութեան համար, յառաջիկայ 18 ամիսներուն՝ մինչեւ դպրոցի 2025-2026 տարեշրջանի աւարտը:  Այս ժամանակաւոր կարգադրութիւնը աշակերտութեան համար նուազագոյն խանգարումով իրենց դպրոցական կեանքը շարունակելու առիթ կ'ընձեռէ, մինչեւ որ իրականանան դպրոցի վերակառուցման աշխատանքները:  

Հրդէհները որոնք հրոյ ճարակ դարձուցին ամբողջ աւաններ եւ համայնքներ Լոս Անճէլըսի մէջ, Յունուարի 8-ին հասած էին Սահակ Մեսրոպ Վարժարանի շէնքը, ամբողջովին փճացնելով զայն: Կանգուն մնացած էր միայն խաչքար մը, որպէս խորհրդանիշ յոյսի եւ դիմադրականութեան: Հակառակ համատարած քանդումին, վարժարանը հաստատ կը մնայ իր քրիստոնէակեդրոն կրթական առաքելութեան մէջ, հաւատարիմ հայ քրիստոնեայ մշակութային արժէքներու եւ որակեալ կրթութեան իր աւանդին: 

Սահակ Մեսրոպ Վարժարանը հիմնուած է 1980-ին եւ ուսում կը ջամբէ մանկապարտէզէն մինչեւ 8-րդ կարգերու աշակերտնրու:  Տակաւին վերջերս անոր կառոյցը բարեկագուած էր լայնածաւալ նորոգութիւններով:  Շէնքը օժտուած էր նաեւ նոր տանիքով: 

Image
Sahag Mesrob School students on the original campus grounds before the fire

Sahag Mesrob School students on the original campus grounds before the fire
Caption
Sahag Mesrob School students on the original campus grounds before the fire
ՍՄՎ-ի աշակերտութիւնը եւ դպրոցը՝ նախ քան հրդեհը։

«Անմիջապէս որ լսեցինք թէ դպրոցը ամբողջովին քանդուած է, մեզի համար յստակ էր թէ պէտք է միջոցներ նախաձեռնէինք եւ աջակցութիւն ընձեռէինք» կը հաստատէ Հ.Բ.Ը.Մ. Արեւմտեան Շրջանակի Ատենապետ Գէորգ Զօրեան: «Մինչ մեզմէ իւրաքանչիւրը սպասողական վիճակի մատնուած էր, մտահոգ թէ ուր պիտի պատահի յաջորդ աղէտը, Հ.Բ.Ը.Մ.ը չէր կրնար անտարբեր մնալ: Հետեւաբար մենք առաջին իսկ պահուն կապուեցանք Սահակ Մեսրոպ Վարժարանի մեր բարեկամներւն հետ, վստահեցնելով զիրենք թէ պիտի աջակցէինք իրենց:»  

Հանրութեան ուղղուած յայտարարութեամբ մը, Սահակ Մեսրոպ Վարժարանի հոգաբարձութիւնը հաստատեց դպրոցը վերաշինելու իր որոշումը: Հոգաբարձութեան Ատենապետ Արլին Տիտանեան միաժամանակ խոր երախտագիտւթիւն յայտնեց Հ.Բ.Ը.Մ.ին, անոր անհապաղ ցուցաբերած զինակցութեան համար:  

«Նման զօրեղ եւ հոգատար աջակից մը հազուադէպօրէն կարելի է գտնել» կը նշէր Տիատնեան: «Մենք խորապէս կը գնահատենք Հ.Բ.Ը.Մ.ի աջակցութեան յանձնառութիւնը, որ կրկին անգամ կը հաստատէ թէ Միութիւնը Զօրութիւն է:»  

Image
One of the spacious, fully equipped classrooms prepared for the Sahag Mesrob students at the AGBU Cultural Center.

One of the spacious, fully equipped classrooms prepared for the Sahag Mesrob students at the AGBU Cultural Center.
Caption
One of the spacious, fully equipped classrooms prepared for the Sahag Mesrob students at the AGBU Cultural Center.
Լիովին կահաւորուած ընդարձակ դասարաններէն մին, պատրաստուած Սահակ Մեսրոպ Վարժարանի աշակերտներուն համար, ՀԲԸՄ-ի Մշակութային Կեդրոնէն ներս։

Սահակ Մեսրոպ Վարժարանի շակերտութիւնը գրկաբաց ընդունելու իր նախաձեռնութեան առընթեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը արդէն իսկ $50,000-արական ամերիկեան տոլարի գումարներ յատկացուցած էր Ամերիկեան Կարմիր Խաչին եւ Համաշխարհային Կեդրոնական Խոհանոցին, օժանդակելու համար անոնց մարդասիրական օգնութեան անմիջական աշխատանքներուն: 

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Սէմ Սիմոնեան կը նշէր, «Նման առիթներով է որ մարդասիրութիւնը փորձի կ'ենթարկուի: Հ.Բ.Ը.Մ.ը եւ իր անդամակցութիւնը միշտ պատրաստ են ծառայելու: Ուրախ ենք որ այս անգամ կրնանք մեր աջակցութիւնը ընձեռել Սահակ Մեսրոպ Վարժարանի շրջանակին: Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, պիտի շարունակէ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Շրջանի ղեկավարուեան հետ ճիգերու համակարգումով, օգնելու բոլոր անոնց որոնք կարիքը ունին: Պիտի շարունակենք հանրութիւնը տեղեակ պահել մեր գործունէութեան մասին, մինչ համընդհանուր ճիգերով կ'աշխատինք վերականգնիլ այս աղէտէն, որ պատուհասած է Լոս Անճէլըսը եւ անոր բնակչութիւնը:»

 

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս, Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը:

Յաւելեալ Տեղեկութեանց համար - Կապ
AGBU Press Office
55 East 59th Street
New York, NY 10022-1112
Phone: 212.319.6383
Email: communications@agbu.org