Հ.Բ.Ը.Մ.ի Պատուոյ Նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի 8-րդ Նախագահ Սէմ Սիմոնեան ելոյթով հանդէս կու գան 93-րդ Ընդհանուր Ժողովին
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 93-րդ Ընդհանուր Ժողովը, որ Նիւ Եորքի մէջ կը համախմբէր 22 երկիրներէ ժամանած 875-է աւելի անդամներ, բարեկամներ եւ հիւրեր, իր յայտագիրներու որակով, ընդհանուր փայլով, ստեղծած խանդավառութեամբ եւ յուզականութեամբ, տպաւորիչ եւ յիշատակելի իրագործում մը հանդիսացաւ:
10-12 Հոկտեմբերի շաբաթավերջը, Նիւ Եորք քաղաքի ընտրանի հաւաքավայրերէ ներս իրականացած ընկերային, աշխատանքային, մշակութային եւ ծրագրային ձեռնարկներով եւ յայտագիրներով, բարեկամութիւններու սերտացման, միտքերու փոխանակման, անցեալ իրագործումներու գնահատման, ապագայի ուղեգծման, եւ արուեստի նրբաճաշակ եւ նորարար կատարողական ելոյթներու ըմբոշխումի աննախընթաց առիթներ ընձեռեց մասնակիցներուն:
Այս Ընդհանուր Ժողովի ամենայատկանշական իրադարձութիւնը անշուշտ, Միութեան նախագահութիւնը անոր եօթերորդ Նախագահ Պերճ Սեդրակեանէն, ութերորդ Նախագահ Սէմ Սիմոնեանին փոխանցումն էր:
ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ
Նախագահութեան պաշտօնի փոխանցումը պաշտօնապէս տեղի ունեցաւ Միութեան 93-րդ Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին, որ կայացաւ Նիւ Եորքի Մէնտըրին Օրիէնթըլ պանդոկի քաղաքահայեաց բարձրանիստ սրահին մէջ, մասնակցութեամբ աշխարհի տարբեր կողմերէն 360 պատուիրակներու: Ներկայ էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը: Ներկայ էին նաեւ շարք մը պաշտօնական հիւրեր:
Խորհրդածութիւններ եւ Պատգամներ
Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Ընդհանուր Ժողովին ուղղուած ելոյթը կ’անդրադառնար ներկայ իրադրութեան վերաբերեալ բազմաթիւ նիւթերու:
«Հայ ազգը ներկայիս խաչմերուկի մը առջեւ կը գտնուի:» Ըսաւ Նախագահ Պերճ Սեդրակեան «Ան գրեթէ հաւասարապէս բաժնուած է Հայրենիքի, Ռուսական եւ Արեւմտեան սփիւռքներու միջեւ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի ազգային ինքնութեան իր յատուկ արտայայտութիւնը: Ասիկա մեզ իրարմէ կը տարբերէ բայց եւ կը նոյնացնէ: Մենք պէտք է զօրացնենք կամուրջները որպէսզի պահենք համընդհանուր ազգը: Ոչ պետութիւնը եւ ոչ ալ Սփիւռքը կրնան առանձինն ընել այդ: Հ.Բ.Ը.Մ.ի ղեկավարութեան մէջ իմ գործօն ներկայութեանս ամբողջ տեւողութեան, մենք փորձած ենք կամրջել այդ բացը մեր համաշխարհային ցանցին միջոցաւ: Ես կը խորհիմ որ մեր կազմակերպութիւնը փայլուն օրինակն է այն իրողութեան, թէ հակառակ մեր մշակութային երանգներուն եւ ազգային տարբեր փորձառութիւններուն, միութիւնը տիրական է:»
Ան աւելցուց, թէ Հայ Եկեղեցին կենսական դեր կը կատարէ տարբեր կազմաւորումով եւ բնոյթով յատկանշուող հայերը իրարու միացնելու՝ տիեզերական եւ անժամանցելի հայ արժէքներով, աւանդութիւններով եւ սովորութիւններով, որոնք կը բխին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ քրիստոնէական ըմբռնումներէն, պատմութենէն եւ մշակութային ժառանգութենէն:
Ընդհանուր Ժողովի պաշտօնական նիստի ընթացքին, Կեդրոնական Ժողովի Փոխ-Նախագահ Ժոզէֆ Ուղուրլեան յայտարարեց, թէ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովը եւ Հոգաբարձուներու Խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշում կայացուցած էին Պերճ Սեդրակեանը ընտրել Միութեան Պատուոյ Նախագահ, նկատի ունենալով անոր կէս դարու վաստակը Միութեան ղեկավար մարմնին մէջ եւ իր խոր դրոշմը կազմակերպութեան վրայ: Ընդհանուր ժողովը խանդավառ ծափահարութիւններով ողջունեց այդ որոշումը:
Կեդրոնական Վարչութեան Փոխ-Ատենադպիր Արտա Յարութիւնեան, որ Ընդհանուր ժողովի ատենավարն էր, յայտարարեց թէ այս առիթով պաշտօնական շարք մը անձնաւորութիւններ շնորհաւորական եւ գնահատական նամակներ ուղղած էին Նախագահ Պերճ Սեդրակեանին, ինչպէս՝ Գանատայի Վարչապետ Ճասթըն Թրուտօ, Գանատայի Արտաքին Գործոց Նախարար Մէլընի Ժօլի, Փարիզի Քաղաքապետ Էնն Հիտալկօ, եւ Ֆրանսայի Շրջանային Կառավարիչներ: Գնահատանքի եւ Հայրապետական Օրհնութեան գիրեր ղրկած էին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա., Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Րաֆայէլ Պետրոս ԻԱ, նաեւ շարք մը հաստատութիւններ՝ ինչպէս Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը:
Ապագայի Տեսլականներ
Պաշտօնի ստանցման իր ելոյթին մէջ նորընտիր Նախագահ Սէմ Սիմոնեան շեշտելով միասնականութեան գաղափարը՝ ոչ-հատուածական հասկացողութեամբ, ըսաւ՝ «Մենք կը յարգենք ազգային մեր բոլոր կառոյցները, ըլլան անոնք կրօնական, մշակութային թէ կրթական: Անկողմնակալութեան մեր յարումը կ'օգնէ, որ մենք ծառայենք հայութեան բոլոր շրջանակներուն անխտիր, զանոնք համախմբելով մեր հասարակաց արժէքներուն եւ նպատակներուն շուրջ, զերծ բաժանարար ազդեցութիւններէ, որոնք կրնան յառաջ գալ քաղաքական պատկանելութիւններու պատճառով:» Ան յատկապէս շեշտեց թէ՝ «Մինչ մենք կը գնահատենք մեր անցեալի ձեռքբերումները եւ յառաջդիմութիւնները, անհարաժեշտ է չփարիլ կամ կառչած չմնալ ժամանակավրէպ գործելակերպերու: Ասիկա համացանցի, ճարտարագիտութեան եւ արուեստական բանականութեան դարն է: Երիտասարդութիւնը դաստիարակելու եւ գործի մղելու մեր մօտեցումները պէտք է մշակուին եւ առաւելագոյնս օգտուին փոխակերպող այս յառաջընթացներէն:»
Անդրադառնալով մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն որոնց դէմ անհրաժեշտ է միաւորել մեր ուժերը, Նորընտիր Նախագահը ըսաւ՝ «Այս դժուարութիւնները յաղթահարելու համար, մենք միասնական ապագայի տեսիլք եւ ձգտումներ պէտք է հետապնդենք: Այսպիսի տեսլականներու իրագործումը, կը պահանջէ որ մեր կազմակերպութիւնները ներդաշնակօրէն եւ միասնաբար գործեն, համադրելով իրենց միջոցները եւ հմտութիւնները, փոխանակ մրցակցելու իրարու դէմ: Երբ կը համագործակցինք, մենք կը զօրացնենք մեր համընդհանուր համայնքը, կը բազմապատկենք մեր ազդեցութիւնը եւ ամենուրէք կ'ապահովենք հայութեան մնայուն յաջողութիւնը եւ դիմադրականութիւնը:»
Գնահատանք եւ Օրհնութիւն
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ուղեւորուած էր Նիւ Եորք, անձամբ մասնակցելու Ընդհանուր Ժողովին եւ իր գնահատանքը եւ օրհնութիւնը բերելու Պերճ եւ Վերա Սեդրակեաններուն ի պատիւ կատարուած նախաձեռնութիւններուն: Վեհափառ Հօր երկար տարիներու բարեկամութիւնը Պերճ եւ Վերա Սեդրակեաններուն հետ սկսած է 1983-ին, երբ Պերճ Սեդրակեան ամենաերիտասարդ անդամն էր Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Գարեգին Բ. Երիտասարդ հոգեւորական մըն էր ատենի Սովետական Հայաստանի մէջ: Անկախութեան յաջորդող ժամանակաշրջանին, Միութեան եւ Մայր Աթոռի սերտ գործակցութեամբ իրականացած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ, բարերար դեր կատարեցին խորհրդային միութեան փլուզումի հետեւանքներէն տուժած հայրենաբնակ ժողովուրդին համար:
Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ՄԵԾԱՐԵԱԼՆԵՐ
Ընդհանուր Ժողովի աւանդութեան մաս կը կազմէ անցնող երկու տարիներու գոծունէութիւններու արժեւորումի ծիրէն ներս, ճանաչումի արժանացնել եւ մեծարել Միութեան այն անդամները կամ պաշտօնեաները, որոնք նուիրումով եւ գերազանց գործունէութեամբ ՝ ուշադրութեան արժանացած են:
Հ.Բ.Ը.Մ.ի Գերազանց Ծառայութեան Մրցանակը յանձնուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լոնտոնի մասնաճիւղին եւ Երիտասարդ Արհեստավարժներու խմբակցութեան իրենց կառուցողական ճիգերուն եւ համագործակցութեան ոգիին համար: Նուիրեալ ծառայութեան համար Նախագահի Մրցանակով Գնահատանքի արժանացան Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Գրասենեակի պաշտօնատարներ Րանտա Աքտա՝ Կտակներու եւ Հիմնադրամներու բաժնի տնօրէն եւ Հրանդ Քամալեան՝ հաղորդակցական ճարտարագիտական բաժնի տնօրէն: Մեծարուեցան նաեւ Միչիկընի Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան Վարժարանի նախկին տնօրէն Յովսէփ Թորոսեան եւ խոհարարապետ Ալին Քամաքեան, որ ներկայ չէր, Լիբանանի մէջ շղթայազերծուած պատերազմի տեղահանեալներու Ուըրլտ Սենդրալ Քիչընի օգնութեան աշխատանքերուն օժանդակելու իր պատասխանատուութեան պատճառով:
Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ալեքս Մանուկեան մրցանակով գնահատուեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եւ Արմէն Օնթարիօ յանձնախումբի երկար տարիներու ատենապետ իրաւաբան Պերճ Փափազեան: Մեծարուեցան նաեւ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի երկակի թեկնածու Կարօ Փայլան եւ Ամերիկեան Քոնկրէսական եւ Հայանպաստ խմբակցութեան երկար տարիներու ղեկավար Ֆրէնք Փալօն, հայ համայնքին եւ հայութեան իրենց ծառայութեան համար՝ արժանանալով Պօղոս Նուպար մրցանակին:
ՊԱՏՈՒՈՅ ԸՆԹՐԻՔ ԱՌ Ի ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ՎԵՐԱ ԵՒ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆՆԵՐՈՒՆ
Նոյն օրը երեկոյեան, Նիւ Եորքի Կաթհըմ Հոլլ շքեղ սրահէն ներս 550 հիւրերու մասնակցութեամբ, բարեկամներու, գործակիցներու, հանրային, մասնագիտական մարզերու պատասխանատուներու եւ մտերիմներու կողմէ գնահատանքի, երախտագիտութեան, մեծարանքի եւ յուշ-վկայութիւններու ջերմ մթնոլորտով յագեցած հանդիսաւոր ընթրիքի մը ընթացքին, արժանաւորապէս պատուուեցան Տէր եւ Տիկին Պերճ եւ Վերա Սեդրակեանները: Երեկոյի գեղարուեստական բաժնին աշխոյժ կատարումով իր մասնակցութիւնը բերաւ համաշխարհային ճանաչումի արժանացած արուեստագէտ՝ ջութակահար Սամուէլ Երվինեան:
Երեկոյթի Հանդիսավարը՝ Ցիւրիխի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Երիտասարդ Արհեստավարժներու խմբակցութեան համահիմնադիր Էլիզապէթ Իսթամպուլի վոն Շարնըր, շնորհակալութիւն յայտնեց Պերճ եւ Վերա Սեդրակեաններուն հայ երիտասարդութեան նկատմամբ իրենց վստահութեան եւ տեսլականին համար: Այդ յանձնառութեան շնորհիւ, Երիտասարդ Արհեստավարժներու շարժումը, որ 2002-ին միայն 4 խմբակցութիւններ ունէր, այժմ ծաւալած է հասնելով 46 խմբակցութիւններու:
Բոլոր խօսք առնողերը, նաեւ ներկայացուած տեսահոլովակները, կ'անդրադառնային Սեդրակեաններու հետ անձնական փորձառութիւններու եւ տպաւորութիւններու, շեշտելով նախագահին եւ իր ազնիւ տիկնոջ տասնամեակներու ծառայութիւնը եւ անոնց դրական ազդեցութեան ընդարձակ տարողութիւնը: Ելոյթ ունեցողներն էին՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Երուանդ Տէմիրճեան, ընտանեկան մօտիկ բարեկամ Նիկոլ Գուլաճեան, նաեւ Վերա Սեդրակեանի հօրենական զարմուհի Սեդա Նազարեան: Երեկոյթի ընթացքին իրենց սրտի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ նորընտիր նախագահ Սէմ Սիմոնեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Ատենապետ Վաչէ Մանուկեան եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:
Տեսահոլովակներով ներկայացուած նշանակելի դէպքերու եւ յիշատակներու շարքին, վկայութիւններ ներկայացուեցան հանրային դէմքերու եւ բարեկամներու կողմէ, ինչպէս Լիբանանի Վարչապետ Ազնուաշուք Նէժիպ Միքաթի, որ գովաբանեց Նախագահ Պերճ Սեդրակեանը որպէս փայլուն իրաւաբան եւ Լիբանանեան ազգի մեծ բարեկամ: Նոյնպէս, ամերիկահայ դիւանագէտ Էտուըրտ Ճէրէճեան, որ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի դեսպանութիւնները վարած է 1988-1994 տարիներուն, կը նշէր, թէ Պերճ Սեդրակեան, աշխարհաքաղաքական բարդ իրադրութիւններ հասկնալու իր իւրայատուկ կարողութեամբ, կրնար փայլուն դիւանագէտ մը ըլլալ: Բազմաթիւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եւ հեղինակաւոր միութենական անդամներ, իրենց մտածումները բաժնեցին Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի ազգաշէն աւանդին մասին, անդրադառնալով Սփիւռքը միաւորելու իր ճիգերուն, երիտասարդութեան նկատմամբ իր հոգածութեան եւ հայ արուեստի եւ մշակոյթի հանդէպ իր պաշտամունքին: Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեան, պերճախօս արտայայտութիւններով անդրադարձաւ Պերճ եւ Վերա Սեդրակեաններու ջերմեռանդ հաւատքին եւ Հայ Եկեղեցւոյ ու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի նկատմամբ անոնց անսակարկ նուիրումին, ոչ միայն որպէս բարերարները Հին Վեհարանի հիմնանորոգութեան, այլեւ որպէս տիպար քրիստոնեայ աշխարհաքաղաքացիներ:
Պերճ Սեդրակեան Առաջնորդական Հիմնադրամ
Պերճ Սեդրակեանի կէս դարու գերազանց առաջնորդութեան որպէս պատեհ տուրք՝ Նախագահ Սէմ Սիմոնեան յայտարարեց Պերճ Սեդրակեան Առաջնորդական Հիմնադրամի մեկնարկը: «Պերճ Սեդրակեանի հետ երկար տարիներու իմ գործակցութեանս ընթացքին, ան շարունակաբար շեշտած է երիտասարդ առաջնորդներ պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը: Անհատներ, որոնք յաջողած ըլլան իրենց համապատասխան ասպարէզներուն մէջ եւ ունենան տաղանդը եւ գիտութիւնը յաջողութեամբ նաւարկելու արագ զարգացող աշխարհի մը բարդ իրադարձութիւններուն ընդմէջէն, խորապէս առնչուած ըլլալով իրենց հայ ինքնութեան եւ համայնքին» ըսաւ ան:
Սէմ Սիմոնեան նշեց, թէ հիմնադրամին աջակցողներու խումբ մը, որոնք աշխարհի տարբեր կողմերէն փութացած էին բերելու իրենց մասնակցութիւնը, արդէն իսկ գոյացուցած էին 3.3 միլիոն ամերիկեան տոլարի գումար մը որպէս սկիզբ:
Մեծարեալը՝ Պատուոյ Նախագահ Պերճ Սեդրակեան, որ յայտնապէս յուզուած էր իրեն հանդէպ դրսեւորուած սիրոյ, համակրանքի, երախտագիտութեան եւ գնահատանքի ջերմ արտայայտութիւններէն որոնք կու գային ամէն տարիքի հին թէ նոր հարազատներէ, բարեկամներէ եւ ծանօթներէ, խօսք առաւ ըսելով՝ «Գիտէք, թէ այս պահուն դժուար է ինծի համար արտայայտել ինքզինքս: Խորապէս զգացուած եմ իմ եւ Վերային նկատմամբ շռայլուած գնահատանքի ջերմ արտայայտութիւններէն: Արդարեւ, մեր անցած կեանքի ամբողջ ընթացքին, մենք առաւելագոյնս վարձատրուած ենք, որովհետեւ այն զգացումը թէ կրցած ենք օգտակար հանդիսանալ ուրիշներուն, լաւագոյն վարձատրութիւնն է որ կարելի է ակնկալել: Ես անձամբ չեմ հաւատար ծառայութեան մէջ զոհողութեան գաղափարին: Երբ կը հաւատաս նպատակին որուն կը ծառայես, ուրիշներուն օգտակար ըլլալու առիթն է որ գերագոյն գոհունակութիւն կը պատճառէ: Այս Միութիւնը հիմնուած է այդ իտէալին վրայ: Այս Միութեան մէջ մենք սորված ենք թէ պէտք է տալ, ուրիշին օգտակար ըլլալու գոհունակութենէն զատ ոչինչ ակնկալելով: Այդ է այս կազմակերպութեան վեհութիւնը:»
ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ, ՄՇԱԿՈՅԹ, ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Եռօրեայ շաբաթավերջի ընթացքին, ցերեկային հանդիպումներ եւ ժողովներ առիթ ընձեռեցին մասնակիցներուն իրեց փորձառութիւնները փոխանակելու, մտերմութիւնները խորացնելու եւ մասնագէտներու հետ շփուելով նոր հմտութիւներ ձեռք բերելու: Տասներկու երկիրներէ ժամանած Երիտասարդ Արհեստավարժներու առաջնորդներ, Հինգշաբթի օր ծրագրային քննարկումներ ունեցան Միութեան Կեդրոնական Գրասենեակին մէջ, որուն յաջորդեց աշխոյժ զրոյց մը Նախագահ Սէմ Սիմոնեանի հետ:
Երեկոյեան, 300-է աւելի Երիտասարդ Արհեստավարժներ, աշխարհի տարբեր կողմերէն, հիւրընկալուեցան Նիւ Եորք եւ շրջակայքի Երիտասարդ Արհեստավարժներու խմբակցութեան կողմէ քաղաքամէջի լաւագոյն գիշերային զբօսավայրերէն մէկուն մէջ, ուր անոնք ընկերային խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ մեկնարկեցին Ընդհանուր Ժողովի գործունէութիւնները:
Յաջորդ օր, աշխատանքային հանդիպումներու շարք մը տեղի ունեցաւ Մէնտըրին Պանդոկին մէջ: Պատուիրակներ քննարկեցին Հ.Բ.Ը.Մ.ի միաւորող ուժին շնորհիւ իրականացած գործունէութիւնները եւ անոնց բարերար ազդեցութիւնը հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին վրայ, անցնող քանի մը տարիներուն: Ապա ներկաները առիթը ունեցան վայելելու մտերմիկ զրոյց մը Նախագահ Պերճ Սեդրակեանին հետ, որու ընթացքին ան անկեղծօրէն արտայայտուեցաւ իր իրաւագիտական փայլուն ասպարէզին, առաջնորդական օրինակելի վաստակին եւ ընտանեկան կեանքին մասին, իր կեանքի հարուստ փորձառութենէն բխող խորհուրդներ փոխանցելով ներկաներուն, որոնց մէջ տիրական էր երիտասարդական աշխոյժ մեծամասնութիւն մը:
APRI Armenia (ԱՊՐԻ Արմենիա – Applied Policy Research Institute) Խորհրդաժողովը Նիւ Եորքի Մէջ
Այս առթիւ կազմակերպուած APRI Armenia-ի Նիւ Եորքի խորհրդաժողովը, երեք բաժիններով, կեդրոնացած էր Հայաստանի անվտանգութեան նոր հաւասարակշռութիւնը նիւթին վրայ՝ «Ռուսիա, Արեւմուտք եւ Հարաւային Կովկասի հեռանկարները» ենթախորագրով:
Առաջին բաժինը անհատական հարցազրոյց մըն էր Դեսպան Ճոն Հըրպսթի հետ, որ Աւագ Տնօրէնն է Ատլանտեան Խորհուրդի Եւրասիոյ Կեդրոնին: Հարցազրոյցը կը վերաբերէր «Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութիւնները եւ Հարաւային Կովկասի Կապակցութեամբ Ռազմավարական Հետաքրքրութիւններ» նիւթին: Երկրորդ քննարկումին նիւթն էր «Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Առանցքը Բազմաբեւեռ Աշխարհի մը մէջ»: Քննարկման կը մասնակցէին՝ Տհրուվա Ճաիշանքար, Գործադիր Տնօրէն Ամերիկայի Օպզըրվըր Րիսըրչ Ֆաունտէյշընի, Անաթոլ Լիըվին, Տնօրէն Եւրասիա Ծրագրի, Պատասխանատու Պետականաշինութեան Գուինսի Հիմնարկի, Կարօ Փայլան, Այցելու Գիտաշխատող, Միջազգային Խաղաղութեան Գարնէկի Հիմնարկի եւ Մայքըլ Րուպին, Ամերիքըն Էնթըրփրայզ հիմնարկի աւագ գիտնական:
Յաջորդ երկու քննարկումները որոնք կը համադրէր APRI հիմնարկի հիմնադիր-տնօրէն Լարա Սեդրակեան, կեդրոնացան «Հայաստանի Անվտանգութիւնը Տարածաշրջանային Ապահովութեան Ծիրէն Ներս» նիւթին: Մասնակցողներն էին՝ նախկին Հրամանատար Րապըրթ Համիլթըն, Եուրէյժա Րիսըրչ-ի Ֆօրէյն Փօլիսի Րիսըրչ Ինսթիթիութի ղեկավար, Ներսէս Գօփալեան, Նէվատայի (Լաս Վէկաս) համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու դասախօս, Լէօնիտ Ներսիսեան, APRI հիմնարկի աւագ գիտաշխատող եւ Մարկարիթա Թադէւոսեան, Ճորճ Մէյսըն Համալսարանի Ճիմի եւ Րազըլին Քարթըր խաղաղարարական գործընթացի Կեդրոնի Գործադիր Տնօրէն:
Վերջին երկխօսութեան խորագիրն էր՝ «Հայաստանի Պահպանողական Արտագնայ Գործունէութիւնը Արտաքին Քաղաքականութեան եւ Կրօնական Ազատութեան վերաբերեալ»: Կը մասնակցէր Դեսպան Սէմ Պրաունպէք, Ամերիկայի Քանզաս Նահանգի Նախկին Ծերակուտական եւ Միջազգային Կրօնական Ազատութեան Ամերիկայի Նախկին Դեսպան:
Երաժշտական Արուեստի, Խոհարարական ճաշակի եւ Ընկերային Ջերմ Մթնոլորտի Նորարար Համադրեալ Երեկոյթ
Ուրբաթ 11 Հոկտեմբերի երեկոյեան, 380-է աւելի հիւրեր, Հին Նիւ Եորքի իւրայատուկ ճարտարապետութեամբ թաունհաուզ կառոյցներէն Փրաթթ Հաուզ-ի մէջ, սրահէ սրահ անցնելով, ըմբոշխնեցին հայ երաժշտական արուեստի արդի կատարողութեան նմուշներ, համադամներով եւ ըմպելիքներով ջերմացած ընկերային մթնոլորտի մէջ:
Սկսելով Լուսի Եղիազարեանի Ճէզ Հնգեակի կատարողութենէն, ներկաները յաջորդական սրահներու մէջ յայտնաբերեցին կատարողական տարբեր ոճերու դրսեւորումներ: Ինչպէս՝ Ինդեսա Տուօ երկեակը՝ Լուսինէ Մուսայէլեան եւ Նէյթըն Ճիօրճէթթի Վիօլա տա Կամպայ, Մհէր Մնացականեան, Անդրանիկ Քիզիրեան եւ Ալպէր Օրտինեան եռեակը Լոս Անճէլըսէն, Տուտուկ, շվի, քլարինէթ, ուտ, տհօլ եւ տափ ազգային ժողովրդական գործիքներով, թաւ ջութակահար եւ յօրինող Արթիօմ Մանուկեան էլէքդրօնիք թաւ ջութակով եւ Կրէկըրի Տօլպաշեան պարային կատարողութեամբ:
Երեկոյի բոլոր մասնակիցները, իրենց հիացումը յայտնեցին այս արտակարգ յղացումով ծրագրին մասին, որ վայելքի աննախընթաց պահեր շնորհած էր իրենց:
Ընդհանուր առմամբ, շաբաթավերջը, ուրախ տրամադրութիւններով, գոհունակութեան զգացումներով եւ հպարտալից իրագործումներու գնահատումով հագեցած միասնութեան ոգիի աշխոյժ դրսեւորում մըն էր, որ բնորոշ է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ կը շարունակէ զայն յառաջ մղել աւելի քան 120 տարիներէ ի վեր:
Իրապէս գնահատելու համար 93-րդ Ընդհանուր Ժողովին եւ անոր յարակից ձեռնարկներու եւ յայտագիրներու ամբողջական տարողութիւնը, կարելի է դիտել նկարները եւ տեսահոլովակները՝ https://agbu.org/general-assembly: Ընդհանուր Ժողովի ելոյթները եւ խօսքերը կարելի է գտնել մեր կայքէջին վրայ մի քանի լեզուներով։
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս, Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը: