
Հ.Բ.Ը.Մ.ը Յարգանքի Տուրք Կը Մատուցէ Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նախկին Անդամ Գառնիկ Եագուպեանին
Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի եւ Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախկին անդամ Գառնիկ Եագուպեանի մահը, ծանր է ոչ միայն իր ընտանիքի անդամներուն, բարեկամներուն, գործակիցներուն, այլեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի ղեկավարութեան եւ իր հանդէպ խորապէս երախտապարտ մեր ազգին համար: Հայ կեանքէն ներս իր ձգած դրոշմը կարելի է տեսնել Սուրիոյ, Լիբանանի, Գանատայի եւ Հայաստանի տարածքին:
Շրջանաւարտ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն, մասնագիտութեամբ շինարար ճարտարապետ, զինք կարելի է բնութագրել որպէս կառուցող, բարերար, առաւել՝ որպէս մտասեւեռ եւ յանձնառու անձնաւորութիւն: Բոլոր անոնք, որոնք իր հետ յարաբերելու պատեհութիւնը ունեցած են, խորապէս տպաւորուած են իր զուարթախոհութեամբ, առաջնորդի հմայքով, ինչպէս նաեւ ընտանիքի իր նուիրուածութեամբ:
Ըլլալով շառավիղը յայտնի հայ ընտանիքի մը, որ ճանչցուած է Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութեան հանդէպ իր խոր հաւատքով եւ զօրակցութեամբ, Գառնիկ Եագուպեանին եւ իր տիկինոջ Անահիտին, ինչպէս նաեւ իր եղբօր Լեւոնին եւ իրենց ընտանիքներուն համար, Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը հոգեհարազատ եղած է միշտ:
Կանուխ տարիքէն ըլլալով Հ.Բ.Ը.Մ.ի գործօն անդամ, Գառնիկ Եագուպեան պաշտօններ վարած է որպէս Մասնաճիւղի Ատենապետ Դամասկոսի մէջ, Կեդրոնական Վարչական Ժողովի Անդամ 1994-2006, ապա Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Անդամ՝ 2006-էն 2017, ան եղած է Միութեան Պատուաւոր Հոգաբարձու-ի տիտղոսին արժանացած ցարդ չորս անդամներէն մին, մինչեւ իր մահը::
Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը նշէ, թէ Գառնիկ Եագուպեան մաս կազմած է խոհուն առաջնորդներու այն յատուկ հոյլին, որոնք հասնելով իրենց արհեստագիտական ոլորտի բարձրագոյն դիրքերուն, յարգանք վայելած են արդիւնաբերական մարզի առաջնորդներու եւ պետական բարձրագոյն շրջանակներու մօտ: Որպէս գնահատանք ազգին եւ հայրենիքին համար կատարած իր արժէքաւոր ծառայութիւններուն, ան արժանացած է բազմաթիւ բարձր գնահատականներու, շքանշաններու եւ շնորհագրերու, կրօնական եւ ազգային առաջնորդներու կողմէ, որոնց շարքին նաեւ Յորդանանեան Աստղ Պատուոյ Բարձր Աստիճան-ին: Գառնիկ Եագուպեանի գերագոյն նուիրումը սակայն ուղղուած է իր հայեցի ինքնութեան եւ եկեղեցիին, որուն համար ան ստացած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Անուան Պատուոյ Աստիճան-ը, Մխիթար Հերացի Շքանշան-ը եւ Կիլիկիոյ Իշխան տիտղոսը:
Շարք մը հանրային կառոյցներ, ինչպէս Սուրիոյ մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Գամիշլիի համայնքային համալիրը, Մոնթրէալի Հ.Բ.Ը.Մ.ի վերանորոգուած կեդրոնը եւ Գանատայի առաջնորդարանը, մեծ մասամբ իրականացած են Գառնիկ եւ Անահիտ Եագուպեանի նիւթական աջակցութեամբ, հանդիսանալով կենդանի վկայութիւններ անոնց բարեսիրական եւ ազգային ծառայութեան ոգիին: Անոնք նաեւ հաստատած են ուսուցման կեդրոն մը Հայաստանի Հանրապետական Գիտական Բժշկական Մատենադարանին մէջ եւ օժանդակած են Սեւանայ Լիճի Վազգէնեան Աստուածաբանական Ճեմարանի վերանորոգման: Հայ Եկեղեցւոյ իրենց նուիրուածութեան մէկ այլ արտայայտութիւնն է նաեւ Լիբանանի մէջ Կիլիկեան Աթոռի Պիքֆայայի բնակարանային համալիրի կառոյցը եւ Անթիլիասի Ժառանգաւորաց Կեդրոնը: Վերջերս անոնք բարերարները հանդիսացան Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսական Դամբարանի Մոմավառութեան Մատուռ-ին, որուն շինութիւնը կ'աւարտի այս տարի: Անոնք, ըլլալով բարձրագոյն ուսման ջատագովներ, մաս կազմած են Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի բարերարներու խումբին:
Խորհրդածելով Գառնիկ Եագուպեանի հետ տարիներու իր սերտ գործակցութեան եւ ընտանեկան յարաբերութիւններուն մասին, Նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը նշէ, «Գառնիկ Եագուպեանին բացակայութիւնը խորապէս կը զգան Հ.Բ.Ը.Մ.ի լայն շրջանակը, աշխարհի տարածքին հայութիւնը ընդհանրապէս, նամանաւանդ ես եւ տիկինս Վերան, որովհետեւ մենք միշտ բարձր գնահատած ենք մեր բարեկամութիւնը իր եւ Անահիտին հետ: Բազմաթիւ անձեր իրենց կեանքերուն մէջ զգացած են Գառնիկ Եագուպեանի ցուցաբերած ազգի եւ հաւատքի անխախտ նուիրուածութեան բարերար ազդեցութիւնը: Իր կեանքի շուրջ 92 տարիներուն, ան բազմապատիկ տարողութեամբ իրականացուցած է մարդկային իր ներդրումի բաժինը այս աշխարհին մէջ»: