November 07, 2024
A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.ը Կը Զօրակցի Ատրպէյճանի Կողմէ Կալանաւորուած Հայ Բանտարկեալներուն Համար

Աղօթքի Յատուկ Օրուան

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Գերագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կարգադրութեամբ, յառաջիկայ Կիրակի 10 նոյեմբեր 2024-ին, աշխարհի տարածքին հայ հաւատացեալներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աղօթքի յատուկ արարողութեան մը, 2020-ի արցախեան պատերազմի հայ գերիներուն եւ տարի մը առաջ ձերբակալուած Արցախի ղեկավարներուն համար, որոնք բանտարկուած կը մնան Ազրպէյճանի կողմէ:

Աղօթքի Յատուկ Օրը տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կլիմայական Փոփոխութեան Գագաթնաժողովի նախօրէին, ծանօթ որպէս COP 29, զոր այս տարի կը հիւրընկալէ Ազրպէյճան՝ Պաքուի մէջ: Հ.Բ.Ը.Մ.ը կը միանայ մարդու իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութիւններուն, կառավարութեանց ղեկավարներուն եւ շրջապատի պահպանման իրաւապաշտպաններուն, որոնք իրենց մտահոգութիւնը կը յայտնեն, Ազրպէյճանի որպէս գագաթնաժողովի հիւրընկալ երկիր ընտրութեան կապակցութեամբ: Մանաւանդ երբ մենք եւ հայութիւնը ամենուրէք լրջօրէն կը հարցադրեն աշխարհի ղեկավարներու համախմբումը պետութեան մը մօտ, որ դատապարտումի ենթակայ է Միացեալ Ազգերու պատերազմի կանոնագրութեանց խախտումներու, պատերազմական գերիներու, ցեղային զտման եւ անմեղ քաղաքացիներու դէմ պատերազմական ոճիրներու գործադրութեան համար:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը կոչ կ'ուղղէ իր անդամակցութեան եւ հետեւորդներու համաշխարհային ցանցին, աղօթքով մասնակցելու եւ իրազեկելու Ազրպէյճանի մօտ պաշտօնապէս արգելափակուած 23 հայերու մասին, նաեւ անոնց համար որոնք ցարդ կորսուած կը մնան:

Մանրամասնութեանց համար հաճեցէք դիմել ձեր տեղական թեմական կամ ծխական համապատասխան կառոյցներուն:

 

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս, Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը:

Յաւելեալ Տեղեկութեանց համար - Կապ
AGBU Press Office 
55 East 59th Street 
New York, NY 10022-1112 
Phone: 212.319.6383 
Email: communications@agbu.org