Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԻՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԶԱՐԳԱՑՈՂ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ
Հայաստանի դիմագրաւած ներքին թէ արտաքին ճնշումներուն իբր հետեւանք, հանրային կեանքէն ներս համերաշխութեան հիմերու մաշումի տարբեր դրսեւորումները եւ բաժանարար երեւոյթները լրջօրէն մտահոգիչ են: Այս շաբթուան ընթացքին, լայն շրջանակներու համար խորապէս հիասթափեցնող երեւոյթ մըն էր ոստիկանութեան ցուցաբերած ընդդիմութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ իր շքախումբին, երբ անոնք իրենց տարեկան այցը կ'իրականացնէին Սատարապատի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք եւ հոգեհանգստեան աղօթք մատուցանելու համար ազատութեան յաղթական ճակատամարտի նահատակներուն, որոնց զոհաբերութեամբ իրականացած էր Հայաստանի Առաջին Անկախ Հանրապետութեան հիմնադրումը: Կաթողիկոսական շքախումբին յուշահամալիր անկաշկանդ երթը ապահովելու փոխարէն, ոստիկանութիւնը անոնց մուտքը ուշացուց, առանց որեւէ ակնյայտ կամ արդարանալի պատճառի:
Թէեւ Վեհափառ Հօր եւ իր փոքրաթիւ շքախումբին ի վերջոյ արտօնուեցաւ մուտք գործել եւ արարողութիւնը իրականացնել, բայց եւ այնպէս ոստիկանական այս անպատշաճ վերաբերումի տեսարանները դժբախտաբար տարածուեցան ի լուր եւ ի տես աշխարհին: Երբ պետական գործակատարներ կը ձախողին իրենց իսկ ազգային եկեղեցւոյ գերագոյն հեղինակութեան հանդէպ յարգանք ցուցաբերել, ասիկա լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառէ եւ վիրաւորանք կը հանդիսանայ ամբողջ հաւատացեակ հայութեան համար: Միաժամանակ, զգաստութեան կոչ՝ թէ անհրաժեշտ է վերանորոգ եւ միասնական յանձնառութեամբ փարիլ մեր ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ հազարամեակներ շարունակ ամենուր հայ ժողովուրդի ինքնութեան հիմնասիւնը հանդիսացած մեր ազգային եկեղեցիին եւ անոր աւանդութիւններուն: