
Ծանուցագիր Ընդհանուր ժողովի գումարման
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան («Միութիւն») Կեդրոնական Վարչական Ժողովը այսու կը ծանուցանէ եւ կը հրաւիրէ Միութեան բոլոր իրաւասու անդամները մասնակցելու Միութեան 92-րդ Ընդհանուր Ժողովին, որ պիտի գումարուի Շաբաթ 8 Հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ և Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի մէջ, Վաղարշապատ, Հայաստան:
92-րդ Ընդհանուր Ժողովի գումարման վերաբերեալ միակ ծանուցագիրն է այս: Հետեւաբար, Միութեան իրաւասու անդամներէն կը խնդրենք որ վերոյիշեալ թուականին ժողովին մասնակցին անձամբ կամ իրենց փոխանորդագիրները` գործադրուած եւ վաւերացուած ըստ Ծրագիր Կանոնագիրի տրամադրութեան, ել-նամակով կամ նամակատան միջոցաւ ուղարկեն Կեդրոնական Վարչական Ժողովի ատենադպիրին, ամենաուշ մինչեւ 7 Սեպտեմբեր 2022, կեդրոնական գրասենեակի հետեւեալ հասցէով՝ agbucb@agbu.org (ել-նամակ) կամ (նամակատան միջոցաւ)՝
Armenian General Benevolent Union
Central Board of Directors
55 East 59th Street, 7th Floor
New York, NY 10022, U.S.A.
ԺՈՂՈՎԻ ՕՐԱԿԱՐԳ
- Նկատառում եւ վաւերացում Միութեան 2020 եւ 2021 տարեշրջաններու ընդհանուր գործունէութեան տեղեկագիրներուն:
- Նկատառում եւ վաւերացում Միութեան 2020 եւ 2021 տարեշրջաններու հաշուական տեղեկագիրներուն:
- Ընտրութիւն Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամներու:
- Ընտրութիւն Հաշուեքննիչ Յանձնախումբի անդամի մը:
- Քննարկում վերոնշեալ օրակարգերուն առնչուող որեւէ հարցի, ինչպէս նաեւ ժողովի աշխատանքներուն ընթացքին արծարծուած կամ ըստ Ծրագիր Կանոնագիրի ժողովին ներկայացուած հարցերու, կամ անոնց աւարտման կամ հետաձգումին վերաբերեալ:
- Քննարկում Ընդհանուր Ժողովի յանձնարարութիւններու եւ բանաձեւերու:
Հ.Բ.Ը.ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Պերճ Սեդրակեան, Նախագահ
Սարգիս Ճէպէճեան, Ատենադպիր
2 Օգոստոս 2022