Հ.Բ.Ը.Մ.ը Խորապէս Մտահոգ Է Ազրպէյճանի Կողմէ Հանրայայտ Ռուբէն Վարդանեանի Ձերբակալման Առնչութեամբ
Յայտարարութիւններու ժամանակը չէ: Անհրաժեշտ են գործնական ազդու միջոցառումներ: Ճնշման ամէն միջոց պէտք է ի գործ դնել, Ռուբէն Վարդանեանի եւ բոլոր կալանաւորներու անյապաղ ազատ արձակման համար: Հիմա է ժամանակը: Բոլոր այն ազգութիւնները որոնք ջատագով են մարդու իրաւունքներու եւ խաղաղութեան, պէտք է միջամտեն յօգուտ բազմահազար հայերու, որոնց կեանքերը ենթակայ են անմիջական վտանգի:
Ազրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ Հանրածանօթ Բարերար Ռուբէն Վարդանեանի ձերբակալման լուրը, բարձրագոչ ահազանգ մըն է ուղղուած միջազգային համայնքին: Փաստօրէն, Ազրպէյճան ձեռնարկած է ի գործ դնելու պատժողական իր արշաւը բոլոր հայերու նկատմամբ անխտիր, որոնք մասնակից եղած են Լեռնային Ղարաբաղի կառավարման եւ պաշտպանութեան խաղաղ գործընթացին: Ինչպէս ծանօթ է, 2020-ի պատերազմէն ետք, Ռուբէն Վարդանեան տեղափոխուած էր Լեռնային Ղարաբաղ եւ կարճ ժամանակ մը վարած էր Պետական Նախարարի պաշտօն:
Ի լուր Ռուբէն Վարդանեանի ձերբակալման վրդովեցուցիչ լուրին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը յայտարարէ՝ «Ձերբակալման այս ցուցադրական արարքը յստակ ուղերձ մըն է, թէ Ազրպէյճան կը հետեւի ոճրագործութեան իր մեղսակից Թուրքիոյ ցեղասպանական գործելակերպին: Փաստօրէն ոչինչ փոխուած է 1915-էն ասդին եւ մենք կրկին կը գտնուինք 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան նոյն իրողութեան դէմ յանդիման: Միջազգային դերակատարներ պէտք է կեցուածք որդեգրեն, որպէսզի իրենց պապենական հողերէն բռնի տեղահանուած բոլոր քաղաքացիները կարենան տեղափոխուիլ արժանապատիւ կերպով:»
Հ.Բ.Ը.Մ.ը կոչ կ'ուղղէ Միացեալ Ազգերու Կազմամերպութեան Ապահովութեան Խորհուրդի իւրաքանչիւր անդամ երկրի, ազատ աշխարհի բոլոր պետութիւններու ղեկավարներուն եւ արտաքին գործերու նախարարութիւններուն, անյապաղ եւ միասնական ամբողջական զինակցութիւն ցուցաբերել ի տես աշխարհին, ցոյց տալու համար թէ միջազգային իրաւակարգը գործօն է եւ ատակ՝ կասեցնելու Ազրպէյճանի բռնատիրական սանձարձակ արշաւը:
Պէտք է ապահովուի Լեռնային Ղարաբաղի հայերու շրջանէն ազատ եւ անկաշկանդ ելքը: Համաշխարհային ուժային կեդրոնները եթէ չկարենան ապահովել այդ, պարզապէս մեղսակից պիտի հանդիսանան` օրերու ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ հայերու բազմասերունդ ոչնչացման գործընթացին:
Յայտարարութիւններու ժամանակը չէ: Անհրաժեշտ են գործնական ազդու միջոցառումներ: Ճնշման ամէն միջոց պէտք է ի գործ դնել, Ռուբէն Վարդանեանի եւ բոլոր կալանաւորներու անյապաղ ազատ արձակման համար: Հիմա է ժամանակը: Բոլոր այն ազգութիւնները որոնք ջատագով են մարդու իրաւունքներու եւ խաղաղութեան, պէտք միջամտեն յօգուտ բազմահազար հայերու, որոնց կեանքերը ենթակայ են անմիջական վտանգի: