October 26, 2022
A- A+
read

ՅԱՋՈՂ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՃԱՄԲԱՐԱՅԻՆ ԵՂԱՆԱԿԻ ԱՒԱՐՏԷՆ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ԵՏՔ Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ՆՈՒՊԱՐ ՃԱՄԲԱՐԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ ՅԱՌԱԺԻԿԱՅ ԵՂԱՆԱԿԻ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐԸ

  • Image
    AGBU Camp Nubar 2022
  • Image
    AGBU Camp Nubar 2022
  • Image
    AGBU Camp Nubar 2022
  • Image
    AGBU Camp Nubar 2022

Այս տարի, Նուպար Ճամբարը, ամբողջական ծրագրով, իր լաւագոյն եղանակներէն մին արձանագրեց, 200-է աւելի բանակող պատանիներու մասնակցութեամբ:

Հինգ երկիրներէ եւ 11 նահանգներէ աւելի քան 200 պատանիներ, մասնակցեցան ճամբարին երեք հանգրուաններով: Անոնք եկած էին Հայաստանէն, Գանատայէն, Զուիցերիայէն, Թուրքիայէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, եւ Միացեալ Նահանգներէն: Ճամբարի փորձառու ղեկավարները նոյնպէս, Քէթցքիլ Լեռներու գեղատեսիլ բանակավայրը հաւաքուած էին աշխարհի տարբեր կողմերէն, ինչպէս Հայաստան, Ֆրանսա, Լեհաստան, եւ Միացեալ Թագաւորութիւն:

«Նուպար Ճամբարի ապահով եւ հոգածու մթնոլորտին մէջ, մասնակցող պատանիները ոչ միայն մնայուն եւ սերտ բարեկամութիւններ կը հաստատեն իրենց ճամաբարակիցներուն հետ, այլեւ բազմաթիւ հասարակաց յատկանիշներ եւ համաշխարհային լայն հորիզոն եւ իւրայատկութիւններ կը յայտնաբերեն իրենց կեցութեան ժամանակամիջոցին, ինչ որ շատ կարեւոր կը նկատենք մենք», կը հաստատէ Սառա Փարթին, որ երկար տարիներու Նուպար Ճամբարի յանձնախումբի անդամ է, ինք եւս կազմաւորուած ըլլալով Նուպար Ճամբարին մէջ: «Երբ ճամբարին մէջ սենեկակից կամ ղեկավար մը ունիս որ Ֆրանսայէն, Հայաստանէն կամ Նոր Զէլանտայէն է, բնականաբար լայն փորձառութիւն կը շահիս եւ կ'ընդլայնես տարբեր մշակոյթներու ծանօթութիւնդ»:

Անցնող 2019 տարեշրջանին, ճամբարը զգուշաւորութեամբ գործած էր, չորս շաբաթեայ մէկ բանակում իրականացնելով, զայն  յատկացնելով միայն Միացեալ Նահանգներու տեղական շրջանակներուն, որոնք նոր դուրս կու գային համավարակի խիստ պայմաններէն: «Այդ փորձի յաջողութենէն քաջալերուած, այս անցնող ամրան, ճամբարը հաճոյքով հիւրընկալեց միջազգային շրջանակներէ եկող իր մասնակիցները, որոնց շարքին Մոնթրէալի եւ Թօրօնթոյի սահմանակից մեր բարեկամները», հաճոյքով կը նշէր Նուպար Ճամբարի յանձնախումբի անդամ Մարիա Ստեփանեան, որուն երկու տղաքը ճամբարի նոր շրջանաւարտ անդամներ եւ ջերմ համակիրներ են:

Ճամբարի տնօրէն եւ արհեստավարժ դաստիարակ Ալէքսիս Գրօլեան, որ ինք եւս ատենին ճամաբարի շրջանաւարտներէն եղած է, կը նշէ, թէ «անցնող ամառուան ընթացքին բանակավայրի շատ սիրուած շարք մը աւանդական ծրագիրները վերսկսան գործադրուիլ: Ինծի համար հաճոյք է լսել ծայրէ ծայր լեցուած տնակներու աշխոյժ ժխորը: Ուրախալի է նաեւ նկատել թէ տարուէ տարի մեծցող պատանիները կը վերադառնան իբր ճամբարի ղեկավարներ, իրենց մասնակցութիւնը բերելով աշխատանքներուն: Այս տարի վերստին տարբեր մարզերէ եւ հետաքրքրութիւններէ տարեկիցներ իրարու մօտ բերելու նախաձեռնութիւնը խոր գոհունակութիւն պատճառեց մեզի: Հայաստանէն բանակումի վարիչներ ունենալը մանաւանդ, լաւագոյն միջոցառում մըն է Սփիւռքի պատանիները հայրենիքի շունչին եւ մշակոյթին հաղորդակից դարձնելու համար»:

Երկշաբաթեայ երեք հանգրուաններով, 2 Յունիսէն – 13 Օգոստոս, ճամբարի մասնակիցները շարք մը յատուկ ծրագիրներով սերտացուցին իրենց բարեկամական կապերը: Սիրուած գործունէութիւններուն մաս կը կազմէին՝  նաւարկութիւն, խարուկավարութիւն, լուսանկարչութիւն, ջրաչմուշկ, ձիավարժութիւն, բրուտագործութիւն եւ երաժշտական կատարողութիւն: Այս աշխատանքները, որոնք հմուտ վարիչներու հսկողութեամբ կ'իրականանան, խորունկ տպաւորութիւններ կը ձգեն պատանիներու մտքերուն մէջ: Բանակավայրէն ներս հայ լեզուին եւ մշակութային հետ մօտէն շփուելու առիթը եւս շատերուն համար լաւագոյն պատեհութիւնն է այդ տարիքին:

Նուպար Ճամբարը շարունակաբար կը բարեկարգէ եւ կ'ընդարձակէ իր կարելիութիւնները, նորոգութիւններով եւ նոր բաժիններու եւ ծրագիրներու յաւելումներով: 2023-ի նոր եղանակին համար, վարիչներու եւ առաջնորդ պաշտօններու դիմումներ կ'ընդունուին ներկայիս: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք այցելել https://campnubar.org/join-our-staff կայքէջը:

2023-ի ամառնային եղանակին եւ բանակավայրի ղեկավարներու նախապատրաստութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ տրամադրելի են campnubar.org կայքէջին վրայ: Առաջին հանգրուանը կը սկսի Յուլիս 1-ին: Այցելութիւններու համար ծրագիրը ներկայիս մշակումի ընթացքի մէջ է: Այցելեցէք կայքէջը նորութիւններու համար: