A- A+
read

Սէմ Սիմոնեան Պիտի Յաջորդէ Պերճ Սեդրակեանին Իբր Միութեան Նախագահ

Պերճ Սեդրակեան, քսաներկու տարիներ վարելէ ետք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նախագահութիւնը, քառասուն եօթ տարիներ որպէս Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, հասած ըլլալով Միութեան Ծրագիր Կանոնագրով որոշուած տարիքային սահմանին, յառաջիկայ աշնան կ'աւարտէ նախագահական իր շրջանը:

A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.ը 14,000 Շարժական Ջեռուցիչներ կը տրամադրէ Հայաստան Ապաստանած Արցախահայ Ընտանիքներու

Երբ անցող Սեպտեմբերին մարդասիրական տագնապը սկիզբ առաւ, մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնն էր սննդեղէն ապահովելու համար համապատասխան տարողութեամբ նախաձեռնութիւն մը իրականացնել, պատրաստելով եւ տրամադրելով ամէնօրեայ տաք ճաշ եւ 28,000 ուտեստեղէնի սնտուկներ, Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղային բնաջնջումի ոճիրին զոհ դարձած արցախահայ բռնի տեղահանեալներուն, որոնք աւելի քան ինը ամիսներ սովի եւ սննդազրկման ենթարկուած էին

A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Խորհրդածութիւնները 2023 Տարուան մասին

Կը գիտակցինք, թէ որպէս աշխարհատարած ժողովուրդ, անհրաժեշտ է ի գործ դնել մեր կապերը բարեկամեցող դաշնակիցներու հետ, սակայն ի վերջոյ, մեր ազգի գոյապայքարի ճամբուն վրայ, մեր պատասխանատուութիւնն է որդեգրել ինքնակամ կողմնորոշում եւ նախաձեռնութիւն

A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.ը Գետնի Վրայ Անմիջական Աջակցութիւն կ'ընձեռէ Լեռնային Ղարաբաղէն Բռնահանուած ժողովուրդին

Հ.Բ.Ը.Մ.ը անյապաղ իր ուժերը կեցրոնացուցած է օժանդակելու համար աւելի քան 100,000 բռնահանուած Արցախահութեան, որոնք անցնող քանի մը օրերուն հասած են Հայաստան:

A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.ը Խորապէս Մտահոգ Է Ազրպէյճանի Կողմէ Հանրայայտ Ռուբէն Վարդանեանի Ձերբակալման Առնչութեամբ

Յայտարարութիւններու ժամանակը չէ:  Անհրաժեշտ են գործնական ազդու միջոցառումներ:  Ճնշման ամէն միջոց պէտք է ի գործ դնել, Ռուբէն Վարդանեանի եւ բոլոր կալանաւորներու անյապաղ ազատ արձակման համար:  Հիմա է ժամանակը: Բոլոր այն ազգութիւնները որոնք ջատագով են մարդու իրաւունքներու եւ խաղաղութեան, պէտք է միջամտեն յօգուտ բազմահազար հայերու, որոնց կեանքերը ենթակայ են անմիջական վտանգի:

A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.ը Կոչ Կ'ուղղէ Աշխարհի Առաջնորդներուն եւ Լրատուուական Միջոցներուն, Բացայայտելու՝ Այն Անճիշդ Պատճառաբանութիւնները, Զորոնք Ազրպէյճանը Կ'օգտագործէ Հայերու Ցեղային Զտման իր Գործընթացը Քօղարկելու համար

Մինչ պետութեանց ղեկավարներ եւ միջազգային լրագրողներ կեդրոնացած էին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան տարեկան համագումարին վրայ Նիւ Եորքի մէջ, Ազրպէյճան ի գործ դրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը իր բնիկ հողատարածքէն բռնի տեղահանելու ծրագրին յաջորդ հանգրուանը, լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու ձեռնարկելով հայկական պաշտպանական գօտիի անբողջ երկայնքին:  Ան նաեւ յայտարարեց, թէ ապահով անցք կը տրամադրէր քաղաքացիական հանրութեան, գանոնք հեռու պահելու համար զինուրական գործողութիւններու պատճառով վտանգուած շրջաններէն:

A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.-Ը ԿՈՉ Կ'ՈՒՂՂԷ Մ.Ա.Կ.-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՇՐՋԱՓԿՈՒՄԸ ՈՐԱԿԵԼՈՒ ՈՐՊԷՍ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական տագնապի քննարկումին նուիրուած՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապահովութեան Խորհուրդի Օգոստոս 16-ի արտակարգ նիստէն շաբաթ մը ետք, Հ.Բ.Ը.Մ.ի ղեկավարութիւնը որոշեց նամակով հրատապ կոչ ուղղել Խորհուրդի անդամ 15 երկիրներէն իւրաքանչիւրին, ներառեալ Ալպանիա, Պրազիլ, Չինաստան, Էքուատոր, Կապոն, Կանա, Ֆրանսա, Ճաբոն, Մալթա, Մօզանպիք, Ռուսիա, Զուիցերիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւն, Միացեալ Թագաւորութիւն, Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի մէջ Մ.Ա.Կ.ի Եւրոմիութեան Պատուիրակութեան:

A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.ը Երախտագիտութեամբ Կը Ոգեկոչէ Նազար Նազարեանի Բարերար եւ Օրհնեալ Կեանքի Ազգանուէր Աւանդը

Հայկական Բարեգործական Ընդահնուր Միութեան սիւներէն, հայ ազգի բարերար եւ Ճարտարարուեստի աշխարհի փայլուն առաջնորդ դէմքերէն Նազար Նազարեան, իր մահկանացուն կնքեց 28 Օգոստոս 2023-ին, 98 տարիներ ամբողջ լիովին ապրուած իր կեանքի աւարտին, միշտ հաւատարիմ իր բազմիցս յայտարարած կեանքի նշանաբանին՝ «ապրելու, գոհունակութեան այն գերագոյն զգացումով, զորս անմնացորդ նուիրաբերումը եւ ազգին ու Հայ Եկեղեցիին ամբողջանուէր ծառայութիւնը կրնան պարգեւել անձին:»

A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ԿԻԶԱԿԷՏ ՄԱՏՐԻՏ 2023 -Ի ԽՏԱՑԵԱԼ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԸ ՅԱՏԿԱՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՐԴԻՒՆԱՇԱՏ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎՆԵՐՈՎ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ՍԵՐՏԱՑՄԱՆԲ

Չորս տարիներու ակնդէտ սպասումէ ետք, 25 երկիրներէ մօտ 500 երիտասարդ արհեստավարժներ հաւաքուած էին Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի ԿԻԶԱԿԷՏ ձեռնարկին մասնակցելու համար: Քառօրեայ համագումարը առիթ հանդիսացաւ միաւորելու եւ ընդլայնելու Երիտասարդ Արհեստավարժներու շարժումը, բազմաբնոյթ դիմագիծով ծանօթ Մատրիտ քաղաքի առոյգ մթնոլորտին մէջ, ուրկէ անոնք բաժնուեցան հարուստ յիշատակներով, մտերիմ բարեկամութիւններով  եւ նոր հեռանկարներով:

A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.-Ը Կ'ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉ ԴՈԿՏ. ՐԻՉԸՐՏ Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ ՆՇԱՆԱԿԱԼԻ ԺԱՌԱՆԳԻՆ

Շատ քիչ անուններ արդի հայ ակադեմական իրականութեան մէջ այդքան հեղինակութիւն եւ ժողովրդականութիւն վայելած ու յարգանք ներշնչած են ամէն շերտերէ հայերու մօտ, որքան ամերիկահայ Փրոֆէսէօր, Րիչրտ Կէյպըլ Յովհաննիսեանը: